Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Ներկայացուցած Է Այնպիսի Միտքեր, Որոնք Կրնան Հիմք Ծառայել Իսրայէլեան Կողմին Հետ Յառաջընթաց Արձանագրելու» Շեշտեց Հոքշթայն

Յունիս 15, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, երէկ առաւօտեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ:

Շուրջ քառասուն վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք Հոքշթայն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Նշենք սակայն, որ Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց իր ջուրերուն եւ անոնց մէջ գտնուող բնական հարստութիւններուն առումով Լիբանանի գերիշխանական իրաւունքը եւ Հոքշթայնին ներկայացուց Լիբանանի պատասխանը` ամիս մը առաջ ստացուած ամերիկեան առաջարկին:

Նախագահ Աուն ամերիկացի բանագնացէն պահանջեց կարելի եղածին չափ արագ վերադառնալ Լիբանան` իրեն հետ ունենալով իսրայէլեան կողմին պատասխանը:

Հոքշթայն շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` անոր պատասխանին համար, եւ խոստացաւ այդ մասին քննարկումներ կատարել իսրայէլեան կողմին հետ` ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ:

Կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին Հոքշթայն այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ դեսպան Շիա:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Պըրրի Հոքշթայնին յայտնեց, թէ ծովային սահմանագծումի մասին հանրապետութեան նախագահին փոխանցումը, որ կեդրոնացած է Լիբանանի իրաւունքները պահպանելու եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութենէն օգտուելու վրայ, կը ներկայացնէ այն կեցուածքը, որուն շուրջ բոլոր լիբանանցիները համաձայն են:

«Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան էական հարցին վրայ, որն է ծովային սահմանագծումը, որուն պարագային հիմնականը կը մնայ շրջագիծի համաձայնութիւնը. անիկա կը նկատուի անուղղակի բանակցութեան լաւագոյն ձեւը եւ կ՛երաշխաւորէ հանդիպումներուն շարունակութիւնը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ արդիւնքներու յանգիլ: Ասիկա անշուշտ պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ Լիբանան իր նաւթահորը պեղելու եւ հորատելու իրաւունքը կորսնցնէ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան թիւ 9 նաւթահորը նուազուրդի ենթարկած է: Հետեւաբար Լիբանանը հորատելու իր իրաւունքէն արգիլելը համաձայնութեան խախտում կը նկատուի եւ Լիբանանը իր իրաւունքներէն կը զրկէ, մինչդեռ անիկա կ՛արտօնէ իսրայէլեան գոյացութեան` հորատելու նաւթահորերը եւ բռնարարքներ կատարելու: Այս իրականութիւնը շրջանին խաղաղութիւնը կրնայ խախտել եւ կացութիւնը վտանգի ենթարկել», յայտնեց Պըրրի:

Ան աւելցուց նաեւ, որ իր հարստութիւնը հորատելու յանձնառու Լիբանանը յանձնառու կը մնայ նաեւ երկրին ապահովական կայունութեան:

Հոքշթայն այցելեց նաեւ վարչապետարան` ընկերակցութեամբ Շիայի, Իպրահիմի եւ Պու Սաապի:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Հոքշթայնին ներկայացուց ծովային սահմանագծումին մասին լիբանանեան միացեալ կեցուածքը եւ այս իմաստով ամերիկացի միջնորդին աշխատանքը շարունակելու Լիբանանի յանձնառութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի գերագոյն շահերը կ՛ենթադրեն նաւթահորերու պեղում կատարել` առանց հրաժարելու Լիբանանի բնական հարստութեան իրաւունքէն:

Ապա ամերիկացի բանագնացը ուղղուեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ հանդիպում մը ունենալու:

Պու Հապիպ Հոքշթայնի հետ հանդիպումը դրական նկատեց` հաստատելով սահմանագծումի յանգելու կարեւորութիւնը:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ ամերիկացի բանագնացին մօտ շօշափած է սահմանագծումի հասնելու տրամադրութիւնը:

Հոքշթայն այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն վերահաստատեց, որ բանակը կը զօրակցի որեւէ որոշումի, որ կը տրուի քաղաքական իշխանութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ որեւէ սահմանագիծի, որ կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն:

Հոքշթայն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ բարեկարգչական երեսփոխանները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ:

Նշենք, որ երէկ կէսօրին Հոքշթայն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը շրջեցան Ժմմեյզէի փողոցներուն մէջ, իսկ նախանցեալ գիշեր ան հանդիպում մը ունեցած էր Պու Սաապի հետ: Հանդիպումը դրական նկատուած էր:

Երեկոյեան «Հուրրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Հոքշթայն հաստատեց, որ Լիբանան իր այցելութիւնը նոր շրջագիծ մըն է` լսելու համար Լիբանանի կառավարութեան:

Հոքշթայն հաստատեց, որ աւետիսը այն է, որ իր ներկայացուցած առաջարկին մասին լիբանանեան համախոհութիւն շօշափած է` աւելցնելով, որ Լիբանան ներկայացուցած է այնպիսի միտքեր, որոնք կրնան հիմք ծառայել բանակցութիւնները շարունակելու եւ յառաջընթաց արձանագրելու:

Հոքշթայն նախընտրեց լուռ մնալ եւ չբացայայտել լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ներկայացուած միտքերն ու առաջարկները` աւելցնելով, որ բանակցութիւնները կը գտնուին գերզգայուն փուլի մը մէջ: «Կը կարծեմ, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագծումին շուրջ համաձայնութիւնը շատ կարեւոր է զոյգ երկիրներուն համար: Նախքան ստացած առաջարկներուս բացայայտումը, զանոնք պիտի ներկայացնեմ իսրայէլեան կողմին, եւ ըստ այնմ պիտի շարունակենք առանցքը», հաստատեց ան:

ՄԻՒՍ կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթ երէկուան իր յայտարարութեան մէջ ցաւ յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները զբաղած են ներքին հարցերով եւ տարակարծութիւններով` իրենց քաղաքացիներուն համար կազ հորատելու փոխարէն:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Պարգեւատրեց Քուէյթի Դեսպանը

Յաջորդը

«Ալիեւի Խնդրանքով Բանակցութիւններուն Մէջ Այլեւս «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապ» Եւ «Կարգավիճակ» Արտայայտութիւնները Չեն Օգտագործուիր» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը

RelatedPosts

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովը Տեղահանուած Արցախահայութեան Անունով Դիմած Է ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններուն

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?