Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ գործարաններուն մէջ քիմիագէտներու նշանակումին օրակարգը` Պուչիքեանի հրապարակած թիւ 43 օրէնքի գործադրութեան շրջագիծին մէջ:
Նշենք, որ քիմիական նիւթեր օգտագործող գործարաններուն կողմէ քիմիագէտներու հետ պայմանագիրի ստորագրութիւնը կը միտի պահպանել գործարանին եւ անոր կից գտնուող շրջանին անվտանգութիւնը` կենսոլորտային եւ մարդկային առումով:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ այդ որոշումը գործադրելու իմաստով գործիքակազմ մը մշակելու յարմար քայլերը: