Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆայեատ. «Սուրիոյ Վրայով Եգիպտական Կազ Ստանալու Վերջնական Համաձայնագիրին Ստորագրութիւնը Մօտալուտ Է»

Յունիս 16, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ վրայով եգիպտական կազ ստանալու վերջնական համաձայնագիրին ստորագրութիւնը մօտալուտ է` աւելցնելով, որ ինք ծովային սահմանագծումի ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի հետ քննարկած է Եգիպտոսէն կազ ապահովելու թղթածրարը, որուն գործադրութեան առումով բանագնացը գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է:

«Կը նախատեսուի, որ մօտիկ ապագային Պէյրութի մէջ կայանայ հանդիպում մը, որուն պիտի մասնակցին Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ ուժանիւթի նախարարութիւններէն ներկայացուցիչներ», յայտնեց Ֆայեատ:

Ֆայեատ նկատել տուաւ, որ Հոքշթայն հաստատած է, որ ինք պիտի օժանդակէ Լիբանանին` Միջազգային դրամատան մօտ միջամտելով, որ եգիպտական կազը Լիբանան փոխադրելու ծախսերուն ֆինանսաւորումը ստանձնէ առանց յաւելեալ նախապայմաններու:

«Հոքշթայնի համաձայն, այս գործառնութիւնը զանց պիտի կացուցէ «Սիզըր» պատժամիջոցէն, ինչպէս նաեւ ան իրաքցիներէն պիտի խնդրէ Լիբանանին նաւթ շնորհելու պայմանագիրը վերանորոգել` նկատի ունենալով, որ այդ պայմանագիրը կ՛աւարտի սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին», նշեց ան:

Ֆայեատ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է մօտիկ ապագային եգիպտական կազը հասցնել Լիբանան, որպէսզի կարելի ըլլայ բարելաւել երկրին ելեկտրական հոսանքի արտադրութիւնը:

Ֆայեատ կարեւոր նկատեց նաեւ, որ եգիպտական կազի փոխադրութեան համաձայնագիրը վերջնականացնելէ ետք, Յորդանանէն ելեկտրականութիւն ստանալու համաձայնագիրը գործադրուի` աւելցնելով, որ անոր ֆինանսաւորումը ապահովելու պարագային Յորդանան յանձնառու է այդ համաձայնագիրը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին գործադրելու, այլ խօսքով` Լիբանանին ելեկետրականութիւն շնորհելու, Սուրիոյ վրայով:

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Նուիրատու Երկիրներէն Մեր Ապահոված Ֆինանսաւորումը Առկայ Կարիքներուն 52 Առ Հարիւրը Կրնայ Ապահովել» Շեշտեց Ռուշտի

Յաջորդը

Վարչապետի Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները` 23 Յունիսին

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?