Հարաւային Լիբանանի արաբական հացի փուռերու սեփականատէրերը երկրին իշխանութիւններէն պահանջեցին իրենց յանձնուող ալիւրին պետական օժանդակութիւնը վերահաստատել:
Անոնք շեշտեցին, որ իրենց կողմէ օգտագործուելիք ալիւրին տրամադրուած պետական օժանդակութիւնը վերացնելէ ետք սկսած են ալիւրը ալրաղացներէն գնել ամերիկեան տոլարի փոխարժէքով, «իսկ անակնկալը այն է, որ կարգ մը ալրաղացներ իրենց դռները փակած են, եւ տակաւին կը վաճառեն նախորդ ամիսներէն մնացած ալիւրը, որ մօտ օրէն կրնայ ժամկէտանց դառնալ», նշեցին անոնք:
Փուռերու սեփականատէրերը զգուշացուցին փոքր փուռերը այդ ալիւրը գնելէ, որովհետեւ ան խոնաւութեան մատնուած կրնայ ըլլալ եւ փճացած:
Անոնք համապատասխան կառոյցներէն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիէն, տնտեսութեան եւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Ամին Սալամէն եւ Ֆիրաս Ապիատէն, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներէն պահանջեցին այս թղթածրարը ստանձնել եւ վերստին պետական օժանդակութիւն տրամադրել ալիւրին:
Փուռերու սեփականատէրերը հաստատեցին, որ եթէ իրենց պահանջները ընդառաջում չգտնեն, ապա ամէն բան իրենց անունով պիտի կոչեն: