Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի յանձնակատար Այաքի Էյթոն, որուն հետ քննարկեց «Պրիւքսել 6» խորհրդաժողովի որոշումները, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին Լիբանանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին:
Պու Հապիպի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ռընէ Փոլ Ամերի, որուն հետ ան քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու երկիրներուն վերաբերող միացեալ հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարարութեան այցելուներէն եղաւ նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Քանատայի առաջնորդ Ժոզեֆ Զահլաուի եպիսկոպոս: