Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 16, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.800 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, մազութը` 27.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 13.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը համազօր է 691.000 լ. ոսկիի, 98 օքթան պենզինը` 702.000 լ. ոսկիի, մազութը` 735.000 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազը` 366.000 լ. ոսկիի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը կառավարութիւնը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ կը վերաբերի 2022-ի պետական ամավարկին եւ տնտեսական ապաքինման ծրագիրին վերաբերող օրէնսդրութեան:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ յայտարարեց, որ 6 մայիս 2022-ին տրուած զէնքի գործածութեան արտօնագիրները սառեցնելու որոշումը կը դադրի ուժի մէջ ըլլալէ:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ պետական քննութիւնները պիտի կատարուին իրենց ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ որոշում տուած են յաւելեալ վճարում յատկացնելու` քննութիւններու հսկողութեան եւ սրբագրութեան աշխատանքներուն:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Չիան Մինճիանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ չինական մշակութային կեդրոն մը հիմնելու կարելիութիւնները` նկատի ունենալով, որ անիկա առաջինը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ: Մուրթատա չինացի իր պաշտօնակիցը հրաւիրեց Լիբանան:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ շեշտեց, որ նախարարութիւնը հրապարակած է հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ ժողովուրդը կրնայ Լիբանանի ծովափները օգտագործել ձրի կերպով` լողալու եւ պտոյտներ կազմակերպելու նպատակով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ խորհրդարան ներկայացուց քաղաքական համայնքայնութիւնը ջնջելու յատուկ խորհուրդ մը յառաջացնելու օրինագիծ մը: Ան կոչ ուղղեց բոլոր երեսփոխանական պլոքներուն զօրակցելու իրենց, որպէսզի կարելի ըլլայ վաւերացնել այդ օրինագիծը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էտկար Թրապուլսի նշեց, որ պէտք է համաձայնիլ հաշուեքննիչ օտար ընկերութեան մը հետ, որուն աշխատանքին իրենց համաձայնութիւնը կը յայտնեն նաեւ ծնողները: Ընկերութեան պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ճշդել ծախսերն ու կրթաթոշակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց երեսփոխաններ Ահմետ Խէյրը, Նաամաթ Աֆրամը եւ Մոհամետ Եհիան, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Քանայիի այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Լիբանանի մէջ Սլովաքիոյ դեսպան Մարեք Վարկայի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան եւ Սլովաքիոյ դեսպանատան միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

 

Նախորդը

Ահաբեկչական Խմբաւորումներ Երկու Հրթիռ Արձակած Են Քեսապի Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Պու Հապիպ ՄԱԿ-ի Յանձնակատարին Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.