Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ Լիբանան իր ու Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին միջեւ լաւագոյն յարաբերութիւնները կը փափաքի ունենալ եւ մնայուն կայունութիւն ու բարգաւաճում կը մաղթէ այդ երկիրներուն:
Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ երկկողմանի եղբայրական եւ պատմական յարաբերութիւնները:
Ան բարձր գնահատեց քուէյթցի պատասխանատուներուն ջանքերն ու ճիգերը` միշտ զօրակցելու Լիբանանին, յատկապէս` լիբանանցիներուն դիմագրաւած այս դժուար փուլին ընթացքին:
Նախագահ Աուն Քանային պարգեւատրեց լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները հեզասահ պահելուն եւ ամրապնդելուն համար:
Քանայի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին եւ լիբանանցիներուն մաղթեց փայլուն ապագայ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Քուէյթի նոր դեսպան պիտի նշանակուի քուէյթեան դիւանագիտական նշանակումները կատարելու շրջագիծին մէջ:
Քանայի յայտնեց, որ Քուէյթի կողմէ Լիբանան այցելութեան առումով արգելքներ չկան:
Ան ընդգծեց, որ Ծոցի երկիրներուն համար Լիբանան կը մնայ զբօսաշրջութեան նախընտրելի վայրը: