Նախանցեալ երեկոյեան հարաւային Լիբանանի Տուէյր շրջանին մէջ արձանագրուեցաւ ապահովական դէպք մը, որ վերածուեցաւ կրակոցի:
Ահմետ Սամի Քանսօ կրակ բացաւ երիտասարդներու վրայ եւ սպաննեց Հիւսէյն Ռամմալն ու Ուսամա Քպայսին, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցաւ երրորդ մը:
Ուշ գիշերին Քպայսի ընտանիքէն երիտասարդներ ուղղուեցան Քանսոյի գրասենեակը եւ քանդեցին ու հրկիզեցին զայն, ինչպէս նաեւ հրկիզեցին անոր գրասենեակին կից գտնուող բնակարանները:
Տուէյրի մէջ տիրեց ելեկտրականացած մթնոլորտ, որ դժուարութեամբ կարելի եղաւ հակակշիռի տակ առնել բանակին կողմէ:
Երէկ առաւօտեան Ահմետ Սամի Քանսօ ինքզինք յանձնեց Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին: