Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1850 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 31.000 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ Ատլիէի բանտէն փախուստ տուած արգելափակեալներէն 4-ը վերստին ձերբակալուած են, Պէյրութի Արդարութեան պալատի կամուրջին տակ: Ընդհանուր տնօրէնութիւնը աւելցուց, որ մնացեալ արգելափակեալներուն ձերբակալումը տակաւին ընթացքի մէջ է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի ընկերակցող ինքնաշարժներու շքախումբը արկածի մը ենթարկուեցաւ Ամշիթի մայրուղիին վրայ, երբ ան Թրիփոլիէն կ՛ուղղուէր Պէյրութ: Արձանագրուած են նիւթական վնասներ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն կը գտնուի Իսրայէլ` հետեւելու համար սահմանագծումի թղթածրարին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Պու Սաապի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Մարուան Շարպել, որ Սաապի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 5000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը սղած է 4000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 562.000 լ. ոսկի, 98 օքթանը 574.000 լ. ոսկի, մազութը` 651.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը 317.000 լ. ոսկի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ իշխանութեան ընդդիմախօս ուժերը արիւն պիտի լան, երբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի պալատէն հեռանայ: Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ երկրին ելեկտրականութեան ծառայութեան ապահովումը կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց հարցը ուղղակիօրէն կապուած է Լիբանանի ինքնութեան եւ անոր ռազմավարական դիրքաւորումին հետ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ դրամատուներուն գործադուլը իշխանութենէն առաջ ժողովուրդին դէմ ուղղուած շանթաժի պատգամ մըն է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտեցումը անձնական եւ կուսակցական հաշիւներու վրայ չէ հիմնուած, այլ այն տպաւորութեան, որ կառավարութիւն կազմելու փափաք չկայ: «Օրինական չափանիշները ամբողջացնող կառավարութիւն մը չկազմելը` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները շարունակելու` Լիբանանի դէմ գործուած ոճիր է», ըսաւ Ապի Ռամիա: Ան աւելցուց, որ Ֆրանսա տակաւին կը զօրակցի Լիբանանին` ընդգծելով նաեւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք հաւանական այցելութիւնը ցարդ չէ ճշդուած:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շրջուն ջոկատները հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ սահմանային Կապոյտ գիծին շրջակայքը հսկողութիւն կը կատարեն: ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող սպայ մը, որ մերժեց իր ինքնութիւնը բացայայտել, հաստատեց, որ կացութիւնը հակակաշիռի տակ է կայուն եւ խաղաղ: Ան հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը լիբանանեան բանակին հետ գործակցաբար կը կատարեն սահմանամերձ շրջաններու հսկողութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց բարեկարգչական երեսփոխաններուն` հաստատելով, որ Լիբանանի փրկութեան որեւէ ծրագիր կը սկսի հանրապետութեան կարգին նախագահ մը ընտրելով:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Պաթրունի մէջ դրամատան մը դէմ գործուելիք գողութեան դէպք մը կանխարգիլեց: Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը իր ստացած տեղեկութիւններուն հիման վրայ հետապնդեց յանցագործները եւ կրցաւ կանխարգիլել գողութիւնը, ինչպէս նաեւ ձերբակալել դրամատան երկաթէ դռները կոտրած եւ ներս մուտք գործած յանցագործը: Յանցագործը հարցաքննութեան ընթացքին հաստատեց, որ ինք օր մը առաջ գիշերը դարձեալ մուտք գործած է դրամատուն եւ որոշ քանակի գումար մը գողցած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արոլտօ Լազարոն, որուն հետ քննարկեց բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

 

Նախորդը

Սեւրեան Երազանք, Հայ Քաղաքական Մտքի Բոպիկութիւն Եւ «Երրորդ Բեւեռ»-ի Հրաւէր (10 Օգոստոս 1920)

Յաջորդը

Աշուրայի Առիթով Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Բազմաթիւ Երթեր Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Եւ Տարբեր Շրջաններու Մէջ

RelatedPosts

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը
Լիբանանեան

Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան  Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?