Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Ժողովի Մը

August 11, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ խորհրդականներ Ռաֆիք Շլալա եւ Ռեմոն Թարապէյ:

Ժողովին ընթացքին շարունակուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող ծրագիրին քննարկումը` կառավարութեան մշակած ուղեգիծին շրջագիծին մէջ:

Ներկաները քննարկեցին այն գործնական քայլերը, որոնք պիտի որդեգրուին սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու համար:

Ժողովէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկումները` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցով, պիտի շարունակուին, յատկապէս գործնական քայլեր որդեգրելու առումով:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Հաժժար ընդգծեց, որ Դամասկոսի հետ պաշտօնական յարաբերութիւնները առկայ են եւ օր մը օրանց չեն խզուած: «Երկկողմանի յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են, եւ դէպի Սուրիա այցելութիւնները մնայուն են` յայտարարուող եւ չյայտարարուող հանգամանքներով», ըսաւ Հաժժար:

Նշենք, որ նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ֆրանսայի մէջ ապրող լիբանանցիներու պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Անթուան Շտիտի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն, որոնք հետեւանք են նախորդ երեսուն տարիներուն ընթացքին կուտակուած հարցերուն:

Նախագահ Աուն նշեց, որ այդ հարցերը ժայթքած են քանի մը տարի առաջ` աշխարհին մէջ արձանագրուած տագնապներուն, Սուրիոյ պատերազմին եւ սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան ժամանումին, «Քորոնա»-ի համաճարակին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր բնական հարստութիւններուն, յատկապէս լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող հարստութիւններուն, եւ այս իմաստով բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրած է` Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին իմաստով:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի` Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու զուգահեռ: «Լիբանանը կեղեքած եւ անոր ժողովուրդը աղքատացուցած խմբաւորումը կարելի չէ հաշուետուութեան չկանչել եւ անպատիժ ձգել», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն ցաւ յայտնեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան կասեցումին համար եւ ընդգծեց, որ ճիգ չի խնայուիր հետաքննութիւնը արգելակող խոչընդոտները մէկդի դնելու եւ հետաքննութիւնը շարունակելու` բացայայտելու համար ճշմարտութիւնը:

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Համաձայն Գտնուած Է Ձրի Նաւթի Իրանեան Առաջարկին

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կ՛ողջունէ Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթին Մէջ Թուրքիոյ Ներդրումը

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.