Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար:
Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող ծրագիր մը, այն չափանիշները, որոնք պէտք է որդեգրուին այդ իմաստով, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն տունդարձը կազմակերպելու յատուկ դասաւորումները, որոնք պէտք է կատարուին:
Քննարկումները իրենց աւարտին չհասան եւ տակաւին պիտի շարունակուին:
Ժողովէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկումները` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցով, պիտի շարունակուին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
Նշենք, որ նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ նոր նշանակուած դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց մասին Քոուել յայտնեց, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ զանոնք աւելի եւս ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Նախագահ Աուն դրուատեց Բրիտանիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնը, յատկապէս երկրին արեւելեան եւ հիւսիսային սահմաններուն հսկողութեան, ինչպէս նաեւ մաքսանենգումն ու Լիբանան ապօրինի մուտքը արգիլելու համար տրամադրուած աշտարակները:
Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ Լիբանանի որդեգրած կեցուածքն ու Լիբանանի կառավարութեան մշակած Տնտեսական ապաքինման ծրագիրին շրջագիծին մէջ` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ընթացքի մէջ եղող բանակցութիւնները:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ստորագրեց այն 9 օրէնքները, որոնք վաւերացուած էին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին:
Նախագահ Աուն Նամակ Մը Կը Յղէ
Քաթարի Իշխանին
Քաթարի պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը նախագահ Աունէն ստացած է գրաւոր նամակ մը, որ կ՛անդրադառնայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարներուն:
Նոյն գործակալութեան համաձայն, Քաթարի վարչապետ եւ ներքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Խալիֆա պըն Ապտել Ազիզ Ալ Թանի նախագահ Աունի նամակը ստանձնած է տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերիէն եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարէն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու եւ ամրապնդելու հեռանկարները: