Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ սանձազերծուած պատերազմը դատապարտուեցաւ Լիբանանի կողմէ: Այս շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւնն ու բռնարարքները:
Ան ընդգծեց, որ Կազայի, Խան Եունեսի եւ Ժապալիայի գաղթակայանին մէջ գործուած իսրայէլեան սպանդները կը շարունակուին, իսկ բնակեցման վայրերու իսրայէլացիները Աքսայի մզկիթ կը ներխուժեն, մինչ արաբական աշխարհն ու միջազգային ընտանիքը կը մնան լուռ:
Նախորդ 48 ժամերուն ընթացքին անմեղ քաղաքացիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներն ու ռմբակոծումները կը փաստեն իսրայէլեան գոյացութեան ոճրագործ մոլուցքի տէր ըլլալու իրականութիւնը: «Այդ արարքները կը ներկայացնեն պետական ահաբեկչութեան լաւագոյն օրինակը: Այս մասին լուռ մնալը` արաբական, շրջանային եւ միջազգային առումով, մեղսակցութիւն եւ բռնարարքները ընդունիլ կը նկատուի», յայտնեց ան:
Պըրրի ըսաւ. «Հակառակ այն համոզումին, որ Իսրայէլ միայն Դիմադրութեան լեզուով եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն բազուկներով խօսք կը հասկնայ, սակայն մեկնելով խորհրդարանական իմ պաշտօնէս, կոչ կ՛ուղղեմ Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան, ինչպէս նաեւ Իսլամական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան, յստակ եւ պատասխանատու կեցուածք որդեգրելու եւ դատապարտելու պաղեստինցիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան սպանդները»:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ թշնամի Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմը եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին անմիջապէս միջամտելու եւ կասեցնելու այդ յարձակումը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլին պարտադրելու կառչած մնալ միջազգային բանաձեւերուն եւ որոշումներուն` պաշտպանելու համար պաղեստինցիները, որոնք ահաւոր տառապանքներու կ՛ենթարկուին` իսրայէլեան շրջափակումին պատճառով:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմը` հաստատելով, որ թշնամի Իսրայէլի գործած բռնարարքները պատերազմական ոճիրներ են, որոնք մարդկութեան ճակատին ամօթի կնիք կը նկատուին:
Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց մարդկային խիղճը արթնցնելու եւ Պաղեստինի մէջ մարդկային իրաւունքներուն դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն վերջ տալու: Ան ողջունեց պաղեստինցիները` անոնց դիմադրութեան եւ մղած գոյութենական պայքարին համար:
Միւֆթի Տըրիան ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներուն ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի սգատօնին առիթով հաւաքի մը ընթացքին հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը մնայուն կապի մէջ է պաղեստինեան խմբաւորումներուն հետ, վայրկեանը վայրկեանին կը հետեւի իրադարձութիւններուն եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի որոշէ ի՛նչ ուղղութեամբ շարժելու կարելիութիւնը:
«Խորհուրդ կու տանք թշնամիին չսպառնալ Լիբանանին, որովհետեւ Դիմադրութիւնը որեւէ բռնարարքի նկատմամբ լուռ չի կրնար մնալ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներու ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն` նկատել տալով, որ Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուած բացայայտ սպանդ է, որուն նկատմամբ աշխարհը լուռ կը մնայ:
Ան հաստատեց նաեւ, որ թշնամի Իսրայէլի բոլոր արարքները չեն կրնար Դիմադրութեան կամքին, տրամադրութեան ու որոշումին վրայ ազդել: