Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարաֆէտտին. «Մեր Ծրագիրն Է Ամսական 15.000 Սուրիացի Տեղահանուածի Տունդարձը Իրականացնել»

Օգոստոս 8, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւնները ողջունած են եւ դրական ընդունած իր մշակած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրը:

Շարաֆէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացիները երեք խմբաւորումի կը պատկանին` տեղահանուածներ, աշխատաւորներ եւ քաղաքական ապաստանեալներ:

«Նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ տարածքին 80 առ հարիւրը արդէն իսկ ապահով վիճակի մէջ կը գտնուի, Լիբանանի կառավարութիւնը ինձմէ պահանջեց բանակցիլ սուրիական կողմին հետ», նշեց Շարաֆէտտին:

Ան յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան ծրագիրն է ամսական 15.000 սուրիացի տեղահանուածի տունդարձը իրականացնել` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը գաղթականներու հարցով ՄԱԿ-ի գերատեսչութենէն պահանջած է ամսական 15.000 տեղահանուածի տրամադրուած օժանդակութիւնը կասեցնել` զանոնք տունդարձի մղելու նպատակով:

Շարաֆէտտին յայտնեց, որ քաղաքական ապաստանեալներուն հարցը սուրիական պետութեան եւ ՄԱԿ-ի գերատեսչութեան հետ խորհրդակցելու առկայ նիւթ է: «Լիբանան կը մաղթէ, որ անոնք ապահով կերպով Սուրիա հասնին», շեշտեց ան:

Շարաֆէտտին նկատել տուաւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չէ հետաքրքրուած սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով` նշելով, որ ինք փորձած է այս հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ վարչապետին հետ, սակայն վերջինս զինք անպատասխան ձգած է:

«Սուրիացի տեղահանուածներուն 83 առ հարիւրը գաղթակայաններու մէջ չեն ապրիր եւ անոնք կ՛օգտուին ելեկտրականութեան եւ ջուրի ծառայութենէն, պետական նպաստ վայելող հացէն եւ լիբանանցիին ապրուստին մրցակից են», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Տիմանի Մէջ. «Լիբանանեան Իշխանութեան Համար Ամօթալի Է Իսրայէլի Հետ Սահմանագծումի Ջանքեր Թափել, Սակայն Անոր Փոխարէն Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Ճիգեր Խնայել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Յաջորդը

Մուսա Պահանջեց Ատլիէի Բանտը Անմիջապէս Փակել

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?