ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1675 վարակուածներ եւ մահացած է 4 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 30.800 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց երեսփոխան Միշել Մըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած ընկերային եւ ապրուստի դժուարութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը ընդգծած է նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու կարեւորութիւնը: «Ռայի պատրիարքը կը նկատէ, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը կարմիր գիծ է, եւ նախագահական աթոռը թափուր ձգելը արգիլուած է», ըսաւ Մըր:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու օրէնսդրական շարք մը հարցեր: Ապու Սաապ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 6000 լ. ոսկիով, մազութին սակը` 7000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 568.000 լ. ոսկի, 98 օքթանը 580.000 լ. ոսկի, մազութը` 658.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը 320.000 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց, փոխադրութեան հարցերու, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սաժիհ Աթիէի: Նիստին ներկայ գտնուեցան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու, կենսոլորտի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատարներ Ալի Համիէ, Նասեր Եասին եւ Ամին Սալամ: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստին եւ ցորենի շտեմարանին վերաբերող հարցեր:
ԵՐԹԵՒԵԿԻ հարցերու վարչութիւնը` Տըքուանէ, երէկ առաջին օրն ըլլալով բացաւ իր դռները` երկու ամսուան գործադուլէ ետք:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ անդրադարձաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ մաքսատնային տոլարի հրամանագիրի վաւերացումը մերժելու քայլին` զայն նկատելով բացառիկ կեցուածք մը: