Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 8, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1865 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 31.000 լ. ոսկի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ կարողութիւն ունի վերադարձնելու այն, ինչ որ տարտղնուած է, ինչպէս նաեւ բարեկարգելու ամէն ինչ, որ փտած է: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի գոյութիւնը եւ անոր ապաքինումը շատ աւելի կարեւոր են, քան լիբանանցի պատասխանատուները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ ինք կազմ ու պատրաստ է հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնը ստանձնելու, եթէ երեսփոխանական պլոքները առաջադրեն իր թեկնածութիւնը: Ան յայտնեց, որ ինք պաշտօնապէս մամլոյ ասուլիսով մը պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը, սակայն երկրին տագնապը լուծելու յստակ պատկերացում ունի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Սուրի մէջ Աշուրայի սգատօնին առիթով տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին շեշտեց, որ իսրայէլացին չի յանդգնիր Լիբանանի դէմ պատերազմ շղթայազերծել, որովհետեւ ան քաջ գիտէ, որ այդ պատերազմին գինը կրնայ շատ սուղ վճարել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ կը վաւերացնէ պետական ամավարկը եւ անոր համար առաջնահերթութիւն կը դառնայ պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն իրավիճակը բարելաւել:

ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ երէկ յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին փակեցին Քորնիշ Մազրաայի եւ Քասքասի փողոցները` բողոքելով տիրող տնտեսական կացութեան եւ սղաճին դէմ: Երկու ժամ ետք փակուած ճամբաները վերաբացուեցան:

Նախորդը

Անհրաժեշտ Է Վարուող Քաղաքականութեան Փոփոխութիւն

Յաջորդը

Տիմանի Մէջ. «Լիբանանեան Իշխանութեան Համար Ամօթալի Է Իսրայէլի Հետ Սահմանագծումի Ջանքեր Թափել, Սակայն Անոր Փոխարէն Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Ճիգեր Խնայել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.