Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1162 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 33.500 լ. ոսկիի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 4000 լ. ոսկիով, մազութը` 27.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` ...


















