Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1162 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 33.500 լ. ոսկիի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 4000 լ. ոսկիով, մազութը` 27.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը`  7000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 575.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 588.000 լ. ոսկի, մազութը` 690.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 328.000 լ. ոսկի:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի առեւտրական մըն է, որ չ՛ուզեր Արեւմուտքին հետ տարակարծիք ըլլալ, նոյնիսկ եթէ այդ կեցուածքը ի վնաս Լիբանանին է: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը պնդէ, որ սուրիացի տեղահանուածները տունդարձ պէտք է կատարեն: «Անձամբ վարչապետին հետ խնդիր ունիմ` ո՛չ միայն տեղահանուածներուն, այլ նաեւ տնտեսական քաղաքականութեան հարցով: Իսկ Միքաթի այն հիմնական դէմքերէն է, որոնք հսկայական գումարներ դուրս փոխանցած են», ըսաւ ան:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ հաստատեց, որ նախարարութիւնը կը գործէ լիբանանեան օրէնքին ու կանոններուն համաձայն, եւ կը մնայ ազգային գերիշխանութեան յարկին տակ: «Հետեւաբար Լիբանանի զարթօնքը ապահովելու նպատակով մենք պատրաստ ենք ամբողջ աշխարհին հետ գործակցելու, ինչպէս նաեւ բոլորին` նոյնիսկ Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները ամրապնդելու, բացի Իսրայէլէն», շեշտեց Համիէ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը 20 հազար լ. ոսկիի վերածելու որոշումին նկատմամբ իրենց վերապահութեան:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին յայտնեց, որ Լիբանանի աղբի տագնապը տասնեակ տարիներու վրայ երկարող տագնապ մըն է` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը կը քաջալերէ աղբի տեսակաւորման նորաստեղծ ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեսակաւորման մշակոյթի տարածումը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը վերաշխուժացած են: Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին` Աուն նշեց, որ ամսական դրութեամբ անոնց տունդարձը տարիներ պիտի տեւէ:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Լիբանանի մէջ միջազգային բանաձեւերը գործադրելու կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Շքանշանի Տուչութիւն Յակոբ Խաչերեանին` Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին

Յաջորդը

Ռաատ. «Մենք Ենք Այս Երկրին Իսկական Գերիշխանականները»

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.