Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց բոլորին միջեւ գործակցութեան եւ համադրումի կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ խորհրդարանին մէջ իրենք կը ջանան աշխատանքը համադրել, որովհետեւ իրենց պատասխանատուութիւնն է համաձայնիլ հանրապետութեան նախագահի մը անուան շուրջ` փրկելու համար Լիբանանը:
Ժեմայէլ նկատել տուաւ, որ ներկայ փուլը անկիւնադարձային է, որովհետեւ անցնող 6 տարիները Լիբանանի համար աղէտալի էին: «Բոլորս ականատես կ՛ըլլանք Լիբանանի դիմագիծին փոփոխութեան», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ հարց տուաւ, թէ արդեօք Հըզպալլա պիտի շարունակէ՞ առեւանգել Լիբանանը:
«Եթէ ան շարունակէ վարուիլ այնպէս մը, որ Լիբանանը պատանդ վերցուցած է, ապա ան չի կրնար մեզմէ ակնկալել, որ իրեն հետ աւանդական կերպով վարուինք», հաստատեց ան:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը անկիւնադարձային է` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն առաջադրելու համար կարողութիւններով օժտուած, փորձառու, ատակ եւ արմատական լուծումներ բերող անձնաւորութիւն մը, որ նաեւ պիտի կարենայ համախմբել լիբանանցիները:


