Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Կարգ Մը Երկիրներու Կողմէ Սուրիացի Տեղահանուածները Լիբանանեան Հասարակութեան Մէջ Միաձուլելու Կոչը Խիստ Մերժելի Ոճիր Մըն Է»

Օգոստոս 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Քանատայի միջազգային բարգաւաճման հարցերու նախարար Հարժիթ Սաժժանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթընէյի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, Քանատայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Զիատէ եւ նախագահ Աունի խորհրդականներ Ռաֆիք Շլալա եւ Ուսամա Խաշշապ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց, որ կարգ մը երկիրներ կը ջանան սուրիացի տեղահանուածները միաձուլել լիբանանեան հասարակութեան մէջ, եւ այդ մէկը ոճիր մըն է, որ խստիւ կը մերժենք, իսկ միջազգային օրէնքները կը մերժեն ժողովուրդ մը իր հողէն ու հայրենիքէն հեռացնել:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մասին Լիբանան սկսած է պատրաստել օրինական ուսումնասիրութիւն մը, որ պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ին: Ան յոյս յայտնեց, որ բարեկամ երկիրները զօրակցին Լիբանանին, յատկապէս նկատի ունենալով Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը, որ կը քաջալերէ տեղահանուածներու տունդարձը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կարողութիւն չունի տնտեսական, ընկերային, ապահովական եւ առողջապահական յաւելեալ բեռ հանդուրժել` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան հողերուն վրայ գտնուող տեղահանուածներուն թիւը մէկուկէս միլիոնի հասած է:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ անհիմն են այն պատճառաբանութիւնները, թէ տունդարձ կատարող սուրիացի տեղահանուածները կ՛ենթարկուին հալածանքի, բանտարկութեան եւ այլ տեսակի պատիժներու:

Ան նկատել տուաւ, որ նախորդ տարիներուն շուրջ 500 հազար սուրիացի տեղահանուածներ պարբերաբար վերադարձած են Սուրիա` Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին կազմակերպութեամբ: «Անոնք ոչ մէկ նեղութեան ենթակայ դարձած են, կամ պատիժի ու հալածանքի ենթարկուած», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ սուրիացի պատասխանատուները պաշտօնապէս կը յայտարարեն, թէ իրենք կը փափաքին իրենց քաղաքացիներուն տունդարձը:

«Նկատի ունենալով այս կեցուածքները` մեզի համար կասկածելի են կարգ մը երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու որդեգրած տեսակէտները: Հետեւաբար եթէ նպատակը Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն բնակեցումն է, ապա մենք կտրականապէս կը մերժենք այդ մէկը, ինչպէս որ մերժած ենք պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը», շեշտեց նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան միշտ պահանջած է միջազգային կազմակերպութիւններէն, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տրուելիք օժանդակութիւնները անոնց փոխանցուին Սուրիոյ մէջ եւ ոչ` Լիբանանի, որովհետեւ այդ քայլը կը քաջալերէ տեղահանուածները` տունդարձ կատարելու: «Բայց եւ այնպէս Լիբանանի պահանջները անպատասխան մնացած են, եւ ատիկա կը մտահոգէ մեզի` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ հաւանական դաւ մը նիւթելու կարելիութեան իմաստով», յայտնեց ան:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախարար Սաժժանին շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի կողմէ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւններուն համար, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք տրամադրուած օժանդակութիւններուն համար:

Ան մաղթեց, որ քանատական օժանդակութիւնները շարունակուին եւ լիբանանեան ու քանատական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուին տարբեր մարզերու մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանանի պետական վարչութիւններուն մէջ արձանագրուած ու 30 տարուան ընթացքին կուտակուած սխալները միասին պայթած են եւ աւելի եւս բարդացած լիբանանցիներուն 75 առ հարիւրին աղքատութեամբ:

«Այս կացութեան պատճառով Լիբանանի բարեկամ երկիրները, որոնց շարքին` Քանատան, անոր օժանդակութեան ձեռք երկարած են», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ Քանատայի մէջ կ՛ապրին 400 հազար լիբանանցիներ, որոնք զանազան ոլորտներու մէջ արձանագրած են հսկայական յաջողութիւններ:

Նախագահ Աուն նախարար Սաժժանէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել անոր` Լիբանանի նկատմամբ Քանատայի ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Նախագահ Աուն նախարար Սաժժանին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ այն իրականութեան համար, որ 2015-2021, երբ Սաժժան պաշտպանութեան նախարար էր, հարիւրաւոր լիբանանցի սպաներու համար զինուորական մարզում ապահոված էր:

Ան մաղթեց, որ Սաժժան շարունակէ մարդասիրական, բարգաւաճման, զինուորական եւ փրկարար օժանդակութիւնները:

Իր կարգին, Սաժժան հաստատեց, որ Քանատա պիտի շարունակէ Լիբանանին օժանդակութիւններ տրամադրել, յատկապէս սննդեղէն ապահովելու իմաստով:

Սաժժան ողջունեց Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ համաձայնութիւնը, որ պիտի աշխուժացնէ Լիբանանին տրամադրուելիք միջազգային օժանդակութիւնը:

Սաժժան հաստատեց, որ Քանատա կը փափաքի, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ըլլայ կամովին, ապահով եւ միջազգային օրէնքներուն համապատասխանող չափանիշներով: Ան նշեց նաեւ, որ Քանատայի կեցուածքը ներկայիս կը հաստատէ, որ Սուրիա ի վիճակի չէ այդ տեղահանուածները ընդունելու եւ Սուրիոյ պայմանները յարմար չեն` տունդարձ կատարելու:

Սաժժան ընդգծեց սակայն Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած ժխտական ազդեցութեան իրողութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մեծագոյն նուիրատու երկիրներէն վեցերորդը Քանատան է, եւ իբրեւ այդպիսին նկատի պիտի ունենայ տեղահանուածներու հիւրընկալ երկիրներուն տրամադրած իր օժանդակութիւններուն վերատեսութեան ենթարկուիլը:

Նշենք, որ նախագահ Աուն որոշեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ֆարիտ Մքերին յետմահու պարգեւատրել Մայրիներու «Մեծ սպայ» աստիճանի շքանշանով` առ ի յարգանք լիբանանեան ազգային եւ քաղաքական կեանքին անոր նուիրուածութեան:

Այսօր, նախագահ Աունի անունով, այդ շքանշանը Մքերիի դագաղին պիտի զետեղէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:

 

Նախորդը

Միքաթի Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Յատուկ Նախարարական Նիստի Մը Եւ Քննարկեց Տարբեր Նախարարութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Սահմանադրական Գործընթացները Ճշդուած Ժամկէտին Գործադրելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?