Ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որ նախարարներուն փոխանցեց, թէ այսօր առաւօտեան պիտի այցելէ Պաապտա` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ քննարկելու համար կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` ծովային սահմանագծումի հարցը եւ անոր նկատմամբ լիբանանեան պետութեան ցուցաբերելիք վարուելակերպը` արձանագրուելիք ձախողութեան պարագային, որովհետեւ այս հարցով բոլոր կարելիութիւնները նախատեսելի են:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը ճշդեց 20 հազար լ. ոսկիի հիման վրայ:
Նշենք, որ կառավարութեան նիստը վերածուեցաւ փոթորկոտ ժողովի մը, երբ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարի եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինի միջեւ հարց ստեղծուեցաւ` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցին կապուած իրաւասութիւններուն եւ Շարաֆէտտինի կողմէ Սուրիա կատարուած այցելութեան գծով:
Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց
Իրաքեան Պատուիրակութիւն Մը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց իրաքեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Իրաքի վարչապետի խորհրդական Ալա Ապտել Հիւսէյն Սայիտի, Խալետ Մանսուր Ռասըն եւ Հասան Հատի Հասան, ինչպէս նաեւ Մազեն Սապահ Ահմետ եւ այլ պաշտօնական ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանին նաւթ տրամադրելու համաձայնագիրը երկարաձգելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի գործակցութեան համաձայնագիրները, յատկապէս` առեւտրական, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերուն մէջ, աշխուժացնելու իմաստով:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քոուել յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ ունեցած իր առաջին հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտած է Մեծն Բրիտանիոյ յանձնառութիւնը` զօրակցելու լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին ամէնէն աւելի տուժած խմբաւորումներուն:
Քոուել շեշտեց, որ Մեծն Բրիտանիա կը փափաքի Լիբանանի մէջ կայունութիւն, բարգաւաճում եւ ապահովութիւն տեսնել` աւելցնելով, որ այդ իսկ պատճառով լիբանանեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է բարեկարգումները գործադրելու` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար:
Քոուել ընդգծեց, որ ատիկա անհրաժեշտ է Լիբանանը ապաքինման ճամբուն վրայ զետեղելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի նկատմամբ ներդրողներուն եւ առեւտրականներուն վստահութիւնը վերականգնել, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները նուազեցնել:
Քոուել շեշտեց, որ Մեծն Բրիտանիա այս իմաստով պիտի օժանդակէ Լիբանանին:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց ընկերային եւ տնտեսական շարք մը հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ եւ նախկին փոխվարչապետ Զէյնա Աքըր:


