Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով մէկ քայլ առջեւ գացած է` աւելցնելով, որ սուրիական իշխանութիւնները պատրաստ են բոլոր դիւրութիւնները տրամադրելու:
Ալի ընդգծեց, որ Սուրիա կարիքը ունի, որ իր բոլոր զաւակները տունդարձ կատարեն եւ մաս կազմեն Սուրիան վերակառուցելու աշխատանքին:
Ալի նշեց, որ սուրիացիները կը փափաքին տունդարձ կատարել, սակայն արեւմտեան երկիրները անոնց մէջ վախ կը սերմանեն: «Կը մաղթենք, որ տեղահանուածներու տունդարձին հարցով լիբանանեան պետութիւնը շարունակէ Սուրիոյ հետ գործակցիլ, իսկ Լիբանանի շահերը կ՛ենթադրեն սահմանները բանալ եւ համագործակցիլ, որպէսզի տեղահանուածներուն տունդարձին առումով դռները բաց պահուին», ըսաւ ան:
Ալի նշեց, որ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասանի ներկայացուցած առաջարկը շատ օգտակար է` Իրաք, Յորդանան, Սուրիա եւ Լիբանան արտադրութիւններու փոխանակման առումով:
«Մենք` արաբական երկիրներս, այս գործակցութիւնը կ՛ողջունենք», յայտնեց Ալի:


