Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երկուշաբթի, 15 օգոստոս 2022-ին, Մեհրապի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան այս իրավիճակին հասած է, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահը համախոհական է, իսկ կազմուած կառավարութիւնները ազգային միասնականութեան դահլիճներ են: «Հետեւաբար այդ քաղաքականութիւններն են պատճառը մեր այսօրուան վիճակին», ըսաւ ան:
Ժահժահ նշեց, որ դիմադրութեան առանցքին հետ հանրապետութեան նախագահի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու մասին որեւէ հրաւէր մերժելի է, «որովհետեւ անիկա պիտի յանգի նախորդ քաղաքականութիւններուն, այսինքն` դիմադրութեան առանցքը կապ պիտի ունենայ հանրապետութեան նոր նախագահին եւ նոր կազմուելիք կառավարութիւններուն հետ», ըսաւ ան:
Ժահժահ նշեց, որ իրենք կ՛ուզեն նախագահ մը, որ ոչ թէ բառին բուն իմաստով ինք մարտահրաւէրներով լեցուն ըլլայ, այլ` Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի քաղաքականութիւններուն դէմ մարտահրաւէր կարդայ, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել այս երկիրը:
«Պահանջուած է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կրնայ փրկել երկիրը: Կ՛ուզենք հանրապետութեան նախագահ մը, որ տղամարդ ըլլայ եւ գերիշխան, ինչպէս նաեւ ըլլայ նոր նախագահ մը, որովհետեւ հինը մեզի դժոխք հասցուց», յայտնեց ան:
Ժահժահ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ յաղթանակի ժամանակաշրջանի մասին է խօսքը, երբ Լիբանան այս իրավիճակին մատնուած է: Ան նշեց, որ իրենք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ բարեկամ են, բացի հանրապետութեան նախագահին հարցէն, որուն մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ տարբեր քաղաքականութիւն ունի:
Ժահժահ նկատել տուաւ, որ այն երեսփոխանը կամ երեսփոխաններու խմբակը, որ կը ձախողցնէ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան ընդդիմութեան ջանքերը, դաւաճան կը նկատուի, որովհետեւ նպաստած կ՛ըլլայ այսօրուան իրավիճակին շարունակութեան:


