ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` արձանագրուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան մասին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ արձանագրուած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ երկրին ներկայ իրավիճակը կարիքը ունի կառավարութեան մը, որ ատակ է գործադրելու սպասուած գործընթացներն ու արագացնելու տնտեսական վատթար կացութեան լուծումը:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ կոչ ուղղած է յարգելու սահմանադրական գործընթացներուն ճշդուած ժամկէտները` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը կը կատարէ իր հաղորդակցութիւնները` օժանդակելու համար այդ գործընթացները գործադրելու այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, որ կ՛ամրապնդէ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ լիբանանցիներուն միջեւ համերաշխութիւնը:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ կենցաղային հարցերն ու դժուարութիւնները, զորս կը դիմագրաւեն քաղաքացիները` ընկերային, կրթական թէ առողջապահական առումով:
Ան ընդգծեց, որ տիրող կացութիւնը կ՛ենթադրէ համապատասխան քայլեր եւ հոլովոյթներ որդեգրել` մեղմացնելու համար այդ տառապանքը:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղթածրարը, սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի դերակատարութիւնն ու սահմանագծումի իմաստով Լիբանանի ամուր եւ անշեղ կեցուածքը` մեկնելով Լիբանանի ջրային հարստութիւններն ու իրաւունքները պաշտպանելու մեկնակէտէն:
Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին ՀՅ Դաշնակցութեան տեսակէտին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը զօրակցի լիբանանեան կեցուածքին, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ 2011-էն ի վեր տեղահանուածներուն Լիբանան հաստատուիլը երկրին վրայ հսկայական բեռ աւելցուցած է, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապը խորացուցած: