Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Յատուկ Նախարարական Նիստի Մը Եւ Քննարկեց Տարբեր Նախարարութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Օգոստոս 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ:

Նիստէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ իրենք շարունակած են 11 օգոստոսին նախագահական պալատին մէջ տրուած որոշումներուն գործադրութեան քայլերը` աւելցնելով, որ համաձայնութիւն գոյացած է, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը պիտի հետեւի այդ թղթածրարին` արտաքին գործոց նախարարութեան հետ գործակցաբար:

Հաժժար նկատել տուաւ, որ այս թղթածրարին հետապնդումը համագործակցութեան կը կարօտի` ընդգծելով, որ այդ աշխատանքը կը կատարուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հովանաւորութեամբ:

Հաժժար նշեց, որ անկախ միջազգային ընտանիքին կեցուածքէն, լիբանանեան պետութիւնը իր կեցուածքը ունի այս առումով:

Ան շեշտեց, որ իբրեւ լիբանանեան պետութիւն, իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն վերջնականապէս լուծելու համար այս թղթածրարը: «Ըստ տուեալներուն, սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը գերազանցած է մէկուկէս միլիոնը, եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք անոնց տունդարձը ապահովելու համար», հաստատեց Հաժժար:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատի հետ, որուն հետ քննարկեց քաղցկեղի դեղորայքին կապուած հարցերը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան կողմէ քաղցկեղի դեղորայքը բաշխելու նպատակով որդեգրուած դրութիւնը, որուն հիմամբ կարելի կ՛ըլլայ զսպել փտածութիւնն ու աւազակութիւնը:

Ապիատ յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկայ երեք ամիսներուն համար քաղցկեղի դեղորայքը ֆինանսաւորել` նկատել տալով, որ ֆինանսաւորումը 5 միլիոն տոլարով աւելցած է:

Ապիատ յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է նաեւ հիւանդանոցներուն եւ բուժման ծախսերուն հարցը` ընդգծելով, որ խորհրդարանին մէջ վաւերացուած է 1600 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը, որ պիտի ծառայէ հիւանդանոց հասնող քաղաքացիներուն բեռը թեթեւցնելու նպատակին:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Պու Հապիպի հետ: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի ժողովներուն կապուած խնդիրներ, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան տարեկան պիւտճէին եւ Լիբանանի արտաքին դիւանագիտական կազմին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Միքաթիի այցելեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլը, որուն հետ քննարկեց մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը ճշդելու մանրամասնութիւնները: Նշենք, որ նախարարաց խորհուրդը երեքշաբթի օր մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը ճշդեց 20 հազար լ. ոսկիի հիման վրայ, սակայն վարչապետ Միքաթի երէկ Խալիլին յղեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ սննդեղէն ու տարրական կարիքները զերծ պիտի կացուցուին 20 հազար լ. ոսկի փոխարժէքի որոշումէն:

Հետեւեալ հրամանագիրին ստեղծած տաղտուկին պատճառով Միքաթի եւ Խալիլ համաձայնեցան խորհրդակցութիւնները շարունակել` վերջնական որոշում տալու համար:

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Միջազգային
Դրամատան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի, ընդունեց Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Արեւելքի մէջ Միջազգային դրամատան նախագահ Ժան Քրիսթոֆ Քարէի, դրամատան գործադիր տնօրէն Հասան Միրզայի եւ Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչ Մունա Քաուզի:

Հանդիպումէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ քննարկուեցան Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան հովանաւորած եւ ֆինանսաւորած ծրագիրները, որոնց շարքին` ուժանիւթին վերաբերող ծրագիրներ:

Ֆայեատ աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք հաստատած է, որ Լիբանանի մէջ ուժանիւթի թղթածրարը ամէնէն զգայուններէն է, եւ Լիբանանի ու Միջազգային դրամատան միջեւ միշտ ալ գործակցութիւն եղած է:

Ան շեշտեց, որ առաջին փուլին Միջազգային դրամատան կողմէ ուշադրութիւնը շօշափելի էր, սակայն երեք ամիսէ ի վեր կը զգանք, որ ուժանիւթի թղթածրարին հարցով անոր կողմէ հետաքրքրութիւն չկայ: «Հանդիպումին ընթացքին սակայն, երբ այս հարցը արծարծուեցաւ, պատուիրակութիւնը ընդգծեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ ուժանիւթի թղթածրարին առումով գործակցութիւնը պահպանելու եւ որոշուած քայլերը գործադրելու», ըսաւ Ֆայեատ:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ հիւսիսային Լիբանանի երեսփոխաններու պլոքը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ուալիտ Պաարինի, Մոհամետ Սլէյման, Սաժիհ Աթիէ, Ապտել Ազիզ Սամատ եւ Ահմետ Խէյր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բարգաւաճման եւ կենցաղային ոլորտներուն վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Կարգ Մը Երկիրներու Կողմէ Սուրիացի Տեղահանուածները Լիբանանեան Հասարակութեան Մէջ Միաձուլելու Կոչը Խիստ Մերժելի Ոճիր Մըն Է»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?