Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին` Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումին պատճառած զոհերուն սուգին առիթով:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն մաղթեց շուտափոյթ ապաքինում:


