Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.000 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ ամավարկի, վարչական եւ արդարութեան հարցերու, տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորման խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստերու, որոնք պիտի գումարուին երկուշաբթի, 12 եւ երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, քննարկելու համար Քեփիթըլ քոնթրոլին վերաբերող օրինագիծը: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան հաստատեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Որոշումով`   Ճորճ Պուչիքեան Այսուհետեւ Մաս Չի Կազմեր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Որոշումով` Ճորճ Պուչիքեան Այսուհետեւ Մաս Չի Կազմեր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին

Երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր նիստին ընթացքին քննարկեց օր մը առաջ գումարուած կառավարութեան նիստին ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանի մասնակցութեան հարցը: Այս զարգացումներուն լոյսին տակ եւ նկատի ունենալով, որ Ճ. Պուչիքեան յանձնառու չէ եղած նիստին չմասնակցելու Կեդրոնական կոմիտէին տուած որոշումին, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց, որ Ճորճ Պուչիքեան այսուհետեւ մաս չի կազմեր Հայկական երեսփոխանական պլոքին: Հետեւաբար...

«Ճ. Պուչիքեան Պէտք Չէր Մասնակցեր  Կառավարութեան Նիստին` Յանձնառու Մնալով  Կեդրոնական Կոմիտէի Որոշումին»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Ճ. Պուչիքեան Պէտք Չէր Մասնակցեր Կառավարութեան Նիստին` Յանձնառու Մնալով Կեդրոնական Կոմիտէի Որոշումին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան դարձաւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Հատաս» յայտագիրին հարցազրոյցի հիւրը: Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը «Տրովադայի ձի» չէ: «Պատահածը այն է, որ կուսակցութիւնը որոշում տուած է, իսկ նախարարը չէ ենթարկուած», ըսաւ ան: Յ. Բագրատունիի պատասխանը կը վերաբերի այն հարցումին, թէ օր մը առաջ ճարտարարուեստի նախարարի...

Պու Սաապ. «Խորհրդարանի Դիւանը Պըրրիէն  Խնդրեց Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստը Յետաձգել»

Պու Սաապ. «Խորհրդարանի Դիւանը Պըրրիէն Խնդրեց Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստը Յետաձգել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Հատի Ապուլ Հասան, Ալեն Աուն եւ  Ապտել Քերիմ Քապպարա, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր: Նիստին ընթացքին խորհրդարանի դիւանը քննարկեց խորհրդարանին մէջ այսօր տեղի...

«Կառավարութեան Գումարած Նիստը Ապօրինի Նիստ Է  Եւ Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնին Դէմ  Կանխամտածուած Գողութիւն»  Շեշտեց Պասիլ

«Կառավարութեան Գումարած Նիստը Ապօրինի Նիստ Է Եւ Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնին Դէմ Կանխամտածուած Գողութիւն» Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան նախանցեալ օրուան նիստը ապօրինի, հակասահմանադրական եւ Ազգային ուխտին հակադրուող նիստ մըն է: Ան նշեց, որ այդ նիստը երկրին սահմանադրութեան գլխատումն է, Թաէֆի...

Միքաթի Քըրըմի Հետ Քննարկեց  Հաղորդակցութեան Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Միքաթի Քըրըմի Հետ Քննարկեց Հաղորդակցութեան Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմը, որուն հետ քննարկեց հաղորդակցութեան մարզի պաշտօնէութեան գործադուլին վերաբերող հարցեր: Քըրըմ ընդգծեց, որ նախարարութիւնը ի վիճակի չէ ընդառաջելու բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն կողմէ ներկայացուած աշխատավարձի յաւելումներ կատարելու կամ ամսական աշխատավարձը ամերիկեան տոլարով վճարելու պահանջներուն: Քըրըմ յայտնեց նաեւ, որ անդրադարձ կատարած են հաղորդակցութեան մարզը կասեցնելու հաւանականութեան` հաստատելով, որ պետական...

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Մքերիի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Մքերիի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 41.600 լ. ոսկի է: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ նախագահական դատարկութեան ընթացքին խորհրդարանի լիագումար նիստը կը կայանայ միայն նախագահական ընտրութեան համար: Ան հաստատեց, որ իրենց համախմբումը միայն նախագահական ընտրութեան համար պիտի մասնակցի խորհրդարանի լիագումար նիստին: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ յայտնեց, որ Աքքարի մէջ բարգաւաճման ծրագիրները անոր բնակիչներուն...

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Նիստը  Եւ Տուաւ Շարք Մը Որոշումներ

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Նիստը Եւ Տուաւ Շարք Մը Որոշումներ

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստը գումարուած է համաձայն երկրին սահմանադրութեան եւ կառավարութեան ներքին կանոնագիրին: Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր քննարկած օրակարգի կէտերուն մեծամասնութիւնը վաւերացուցած է` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը իր դերակատարութիւնը ամբողջութեամբ կատարած է` օրէնքի հիման վրայ: Ան կոչ ուղղեց քաղաքականութիւնը անջատելու կառավարութեան աշխատանքէն` հաստատելով, որ...

Կառավարութեան Հրաժարման Ա. Տարուան Առիթով.   Տիապ Կոչ Կ՛ուղղէ Շրջանցելու Շահերը  Եւ Կազմելու Ներկայ Տագնապին Հետ  Վարուելու Ատակ Կառավարութիւն Մը

«Լիբանան Ենթակայ Է Վտանգի, Եւ Արագ Լուծումներու Յանգիլը Անհրաժեշտութիւն Է» Շեշտեց Տիապ

Նախկին վարչապետ Հասսան Տիապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկրին տագնապը լուծելու միակ ուղին փտածութեան վերջ տալն է` աւելցնելով, որ տնտեսական եւ ելեւմտական քաղաքականութիւնները լաւատեսութիւն չեն յուշեր: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն իրարու հետ գործակցելու` վերապրեցնելու համար Լիբանանը, որ քանդումի ճամբան բռնած է: Տիապ շեշտեց, որ Լիբանան ենթակայ է վտանգի` ընդգծելով, որ արագ լուծումներու յանգիլը անհրաժեշտութիւն է: «27 տարի շարունակ Կեդրոնական...

Յորդանանի Մէջ.  «Սուրբերը Լիբանանը Չար Ձեռքերու Մէջ Պիտի Չձգեն»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յորդանանի Մէջ. «Սուրբերը Լիբանանը Չար Ձեռքերու Մէջ Պիտի Չձգեն» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Յորդանան: Ռայի պատրիարքը իր այցելութիւնը սկսաւ Ամմանի Ս. Շարպել եկեղեցիէն, ուր դիմաւորուեցաւ Յորդանանի մշակոյթի նախարար Հայֆա Նաժժարի, Յորդանանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Եուսեֆ Ռաժժիի, ինչպէս նաեւ այլ նախարարներու, երեսփոխաններու, Յորդանանի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն եւ Ս. Շարպել եկեղեցւոյ հոգեւոր դասին կողմէ: Նորակառոյց եկեղեցւոյ բացումը կատարելէ ետք, Ռայի պատրիարքը մուտք գործեց...

Բջիջային Հեռաձայնի Ընկերութիւններու Պաշտօնեաները Սկսան Գործադուլի` Պահանջելով Սրբագրել Իրենց Աշխատավարձերը

«Ալֆա»-ի Եւ «Թաչ»-ի Պաշտօնեաներու Սենտիքան Սկսաւ Իր Գործադուլին

Լիբանանի մէջ գործող «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաներու սենտիքան յայտարարեց, որ այսօր կը սկսի իր գործադուլը` մինչեւ պաշտօնեաներու ներկայացուցած բոլոր պահանջներուն գործադրութիւնը: Սենտիքան հաստատեց, որ այս որոշումին պատասխանատու է ան, որ իրաւատէրը իր իրաւունքէն զրկեց եւ խոստումները դրժեց: Սենտիքան պաշտօնեաներուն յղած իր նամակին մէջ շեշտեց, որ անոնք միշտ ալ յանձնառու եղած են հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին, այնպէս ինչպէս յանձնառու...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 41.500 լ. ոսկի է: ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ կառավարութեան նիստը խանգարել փորձող նախարարները եւ անոնց զօրակցողները պիտի հաճոյանան, երբ երիկամները լուացող եւ քաղցկեղէ տառապող քաղաքացիները չկարենան իրենց բուժումը ստանալ: «Թող անոնք բժշկական խնամքի կարիքը ունեցող այս հիւանդներուն դասախօսեն սահմանադրութեան, լիազօրութիւններուն եւ «հիւանդ մտավախութիւններուն» մասին», ըսաւ Ապտալլա: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար...

Հակառակ Ինը Նախարարներու Կողմէ Նիստը  Մերժելու Կեցուածքին Ընթացիկ Հարցերու  Կառավարութեան Նիստը Կը Մնայ Առկայ

Հակառակ Ինը Նախարարներու Կողմէ Նիստը Մերժելու Կեցուածքին Ընթացիկ Հարցերու Կառավարութեան Նիստը Կը Մնայ Առկայ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հրաւէրով կ՛ենթադրուի, որ կառավարութիւնը` ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը, այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նիստ մը գումարէ վարչապետարանին մէջ: Հրաւէրին համաձայն, կառավարութիւնը պիտի քննարկէ 65 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Անցեալ ուրբաթ գիշեր յղած իր հրաւէրին մասին Միքաթի շաբաթ օր «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցած գիրքերու ցուցահանդէսի բացումին ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Երկուշաբթի օրուան նիստին ընթացքին պիտի վաւերացնենք անհրաժեշտ որոշումներ, եւ...

Ալի Համիէի Մեծարանքի Հանդիպում

Ալի Համիէի Մեծարանքի Հանդիպում

Երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի անցեալ շաբաթավերջին Պըպնինի մէջ կազմակերպեց հանդիպում մը` մեծարելու համար հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէն: Պաարինի շեշտեց, որ Պըպնինի մէջ ձկնորսական մարզը հսկայ բարելաւում արձանագրած է Համիէի օրերուն` նկատի ունենալով ձկնորսներու բոլոր պահանջներուն Համիէի ցուցաբերած ընդառաջումը: Համիէ ընդգծեց կառավարութեան եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ նախարարութեան 150 միլիոն տոլար պիտի...

«Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը  Պետութիւնը Հիմնելու Նախաքայլն Է»  Շեշտեց Թայմուր Ժոմպլաթ

«Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը Պետութիւնը Հիմնելու Նախաքայլն Է» Շեշտեց Թայմուր Ժոմպլաթ

Քամալ Ժոմպլաթի ծննդեան տարեդարձին առիթով անցեալ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական երթը` դէպի անոր շիրիմը, ուր զետեղուեցան ծաղիկներ: Երթը գլխաւորեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ, որ յայտնեց, թէ պէտք է վերադառնալ Քամալ Ժոմպլաթի ստեղծած հասկացութիւններուն, որոնք կը վերաբերին բարոյական արժէքներուն, քաղաքականութեան, պետութեան եւ կեանքին: Ժոմպլաթ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան հիմնումն ու անոր հաստատութիւններուն վերաշխուժացումը խիստ կարիք կը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 41.350 լ. ոսկի է: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս շեշտեց, որ համախոհութիւնն ու երկխօսութիւնը միակ միջոցներն են` երկրին տագնապը լուծելու իմաստով: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ պէտք է երկխօսութեան սկսիլ եւ անոր ընդմէջէն յանգիլ համախոհութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել, կառավարութիւն կազմել եւ երկիրը փրկել: ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարարի...

Պու Հապիպ Փարոլինի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Թղթածրարը

Պու Հապիպ Փարոլինի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Թղթածրարը

Հռոմի մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Փիեթրօ Փարոլինի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Փարոլին մտահոգութիւն յայտնեց այն իրականութեան համար, որ Լիբանանի խորհրդարանը յաճախակի նիստերէ ետք ձախողած է հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն համախոհութիւն գոյացնելու եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու: Փարոլին...

Բանակի Հրամանատարը Կը Քննարկէ Քանատայի Հետ Գործակցութեան Հեռանկարները

Բանակի Հրամանատարը Կը Քննարկէ Քանատայի Հետ Գործակցութեան Հեռանկարները

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց քանատական ծովուժի միացեալ գործողութիւններու հրամանատար Ճէյ. Ար. Օքթերլոնին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մըքքոլումի եւ դեսպանատան զինուորական կցորդ Ճինօ Քրեթիենի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ քանատական բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները: 6 Միլիոն Եւրօ` Լիբանանեան Բանակին Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Եւրոպական...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը  41.100 լ. ոսկի է: ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին յայտարարեց, որ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրուած է երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ: Նշենք, որ ան ընդունեց վարչական բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Նաժլա Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց անոր նախարարութեան վերաբերող հարցերը: Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար...

Page 300 of 987 1 … 299 300 301 … 987

Արխիւներ