Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պըրրին Ու Ֆրենժիէն Կրնան Յաջող Զոյգ Մը Կազմել» Կ՛ըսէ Միքաթի

Նոյեմբեր 29, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտարարեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն կրնան յաջող զոյգ մը կազմել, եւ աւելի լաւ է, որ նոր նախագահը ամբողջութեամբ նոր քաղաքական անձնակազմով ըլլայ, «իսկ ես հասարակական ու քաղաքական աշխատանքի մէջ եմ կատարած որեւէ աշխատանքիս մէջ, եւ հարցերը կախեալ են իրենց պահերէն ու հարցերու ընթացքէն»:

«Ֆրենժիէն կարողութիւնը ունի արաբական աշխարհին բացուելու եւ կրնայ բոլոր հարցերը դարմանել, եւ իբրեւ լիբանանցիներ պէտք է ամէն բանէ առաջ իրարու հետ համաձայնինք», ըսաւ Միքաթի:

Վարչապետի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ ինք կապի մէջ է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, սակայն անոր հետ չէ խօսած նախագահութեան հարցին մասին` աւելցնելով. «Որեւէ կողմի հետ Սլէյման Ֆրենժիէի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին թեկնածութեան առաջադրման մասին չխօսեցայ, եւ վերջինս կարողութիւնը ունի լիբանանցիները միաւորելու եւ ազգային շահը պահպանելու»:

Միքաթի յայտնեց, որ բազմաթիւ հարցեր կը պահանջեն նախարարաց խորհուրդի նիստի գումարում` որոշում տալու համար, «եւ բոլորին հետ պիտի խորհրդակցիմ եւ որեւէ ճեղք յառաջացնելու նպատակ չունիմ»: Ան ըսաւ, որ նախարարաց խորհուրդը կրնայ ժողով գումարել եւ երկու երրորդի մեծամասնութեամբ կարգ մը պաշտօններու նշանակումներ կատարել:

Ինչ կը վերաբերի իրանեան վառելանիւթի նուէրին, Միքաթի ըսաւ. «Ամերիկացիներուն հարցուցի նուէրի հարցին մասին, եւ տակաւին որեւէ պաշտօնական պատասխան չստացայ: Չեմ ընդունիր Լիբանանը ենթարկել որեւէ պատժամիջոցի, ինչ որ ալ ըլլայ այդ»` նշելով, որ «Սունաթրաք» ընկերութիւնը պատրաստ է Լիբանանին քարիւղ մատակարարելու, սակայն գոյութիւն ունին օրինական խնդիրներ, որոնց լուծման համար աշխատանքը ընթացքի մէջ է:

«Կառավարութեան մէջ ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ մեզ անակնկալի մատնեց` յայտարարելով ելեկտրականութեան հարցերու կարգաւորման մարմինի 6 անդամներու դիմումներ ընդունելուն մասին, երբ պահանջուած էին 5 անդամներ  (նախագահ եւ 4 անդամներ): Այդ առնչութեամբ շրջաբերական մը յղեցի Ֆայեատին, որովհետեւ այդտեղ օրէնքի յստակ խախտում կայ, եւ ես գործ ունիմ քաղաքական խումբի մը հետ, որուն նպատակը արգելակումն է»:

«Առանց ելեկտրականութեան հարցերու կարգաւորման մարմինին Յորդանանէն ելեկտրականութիւն եւ Եգիպտոսէն կազ բերելու համար Միջազգային դրամատունէն ֆինանսաւորում չկայ», նշեց ան:

«Առանց ճիշդ գանձումի ապահովման ելեկտրականութեան նոր վարկ պիտի չտրամադրուի, եւ առանց ճիշդ գանձումի ելեկտրականութիւնը մէկ կամ երկու ամիս տալով ետքը մատակարարումը պիտի չընդհատենք: Եթէ ատկէ վստահ չըլլանք, եւ գանձումին նկատմամբ մտահոգութիւն ունենամ, 40 տարիէ ի վեր կրկնուած նոյն սխալը պիտի չկրկնեմ: Ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերը բարձրացնելու համար ելեկտրականութեան հաշիւներու ճիշդ ու ազդու գանձումի պէտք ունինք», յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատարը:

«Ես տէր եմ իբրեւ վարչապետ իմ դերիս ու դիրքիս եւ վսեմաշուք հանրապետութեան նախագահին տեղը չեմ առներ: Լիբանան պէտք է բոլոր միջազգային ժողովներուն ու միջոցառումներուն ներկայ ըլլայ, եւ ասիկա բան մըն է, որ միշտ կը շեշտենք: Յունիսի վերջաւորութեան ներկայացուցի կառավարութիւնս, որմէ ետք խորհրդարանին մէջ ըսի այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ. ամենայն յարգանքովս նախկին նախագահ Միշել Աունին, գոյութիւն ունէին անոր կամքէն դուրս եղող ձեռքեր, որոնք կը խանգարէին կառավարութեան կազմութիւնը` փորձելով իրենց պայմաններով կազմել կառավարութիւն մը, որ կարծես իշխանութեան շարունակութիւնն է», նշեց Միքաթի` աւելցնելով. «Վստահ եմ, որ հանրապետութեան նախագահին մօտ կան ձայնագրութեան մեքենաներ, որոնք կ՛արձանագրէին այն, ինչ որ դուրսը կ՛ըսէինք, որպէսզի «ստուերի նախագահ»-ը լսէ, եւ նախագահ Աունը «ստուերի նախագահ»-ին կը հարցնէր»:

Նախկին նախագահ Աունի գրասենեակը նշեց, որ Միքաթիի կիրակի գիշեր «Էլ.Պի.Սի.»-ի պատկերասփիւռի կայանին հետ «զրոյցը կը պարունակէր շարք մը սխալներ ու իրողութիւններու նենգափոխումներ, որոնցմէ մէկ քանին դիտաւորեալ կերպով կը կրկնուին»:

Միքաթիի գրասենեակը հակադարձելով Աունի գրասենեակին ըսաւ, որ կառչած կը մնայ քաղաքացիութեան շնորհումներու վերաբերեալ իր խօսքին եւ այս չափով կը բաւարարուի` առ ի յարգանք Աունին ու հանրապետութեան նախագահութեան դիրքին:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Քոնկրեսի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

«Մենք Պէտք Է Առաւել Եւս Խորացնենք Հայաստանի Հետ Համագործակցութիւնը» Կ՛ըսէ Հնդկաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ.   «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը  Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ»  Շեշտեց Պիզլի
Լիբանանեան

Վարչապետարանին Մէջ. «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Պիզլի

Յունուար 28, 2023
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական  Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի  Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները

Յունուար 28, 2023
Իրլանտայի Պաշտպանութեան  Նախարարը Այցելեց Լիբանան
Լիբանանեան

Իրլանտայի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In