Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. «Լիբանանեան Արտադրութեանց Սակերը Պիտի Մնան Անփոփոխ» Շեշտեց Ճորճ Պուչիքեան

Դեկտեմբեր 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանը` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտարի եւ Միքաթիի խորհրդական Նիքոլա Նահհասի:

Հանդիպումէն ետք Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած են լիբանանեան ճարտարարուեստին մէջ այլընտրանք ունեցող արտադրութիւններուն սակը 10 առ հարիւրով բարձրացնելու որոշումին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Ճ. Պուչիքեան հաստատեց, որ այդ որոշումը վերջնական չէ եւ տակաւին չէ հրապարակուած պաշտօնաապէս:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան արտադրութեանց սակերը պիտի մնան անփոփոխ, որովհետեւ անոնք ենթակայ պիտի չըլլան մաքսատնային տոլարին եւ պարտադրուած տուրքերուն:

Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ այս իմաստով վարչապետի պաշտօնակատարին հետ նիստերը բաց պիտի պահուին, որովհետեւ սպառողներու շահերուն պաշտպանութիւնը առաջնահերթութիւն է: Ան դիտել տուաւ, որ այսպիսով կարելի պիտի ըլլայ շուկաներուն մէջ քաոսը կանխարգիլել:

Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի նախարարութիւնը երէկ առաւօտեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն` մաքսատնային տոլարի սակը պաշտօնապէս ճշդուեցաւ 15.000 լ.ոսկիի հիման վրայ:

Հաղորդագրութեան համաձայն, այդ սակը պիտի չգործադրուի լիբանանեան ճարտարարուեստին համար ներածուող մեքենաններու եւ իրերու, ինչպէս նաեւ հում նիւթի պարագային, «հետեւաբար լիբանանեան արտադրութիւնը պիտի պահէ իր սակը` 1500 լ. ոսկիի հիման վրայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Միքաթի Ստացաւ Արաբական–Չինական
Վեհաժողովին Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պուխարի վարչապետի պաշտօնակատարին յանձնեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին կողմէ հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու 9 դեկտեմբեր 2022-ին Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական-չինական վեհաժողովին:

Հանդիպումէն ետք Պուխարի նշեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է լիբանանեան-Սէուտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծած կառավարութեան գործադրելիք բարեկարգումներուն կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել Լիբանանին օժանդակելու Միջազգային դրամական ֆոնտին պատրաստակամութիւնը:

Նշենք, որ Միքաթի նախագահեց նախարարական յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի վերաբերող քայլերը:

Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ գաղթականներու հարցով ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիին յայտնուելիք լիբանանեան միացեալ կարծիքին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետի պաշտօնակատարը երէկ ընդունեց Կրանտին` վերահաստատելով Լիբանանի պահանջը միջազգային ընտանիքէն:

Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան միջազգային ընտանիքէն կը պահանջէ գործակցիլ` փակելու համար Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որ ամէն իմաստով կը ճնշէ երկրին վրայ:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւնները պէտք է գործակցին Լիբանանի կառավարութեան հետ` լուծելու համար այս հարցը: «Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը` նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ վերահաստատուած ապահովական կայունութիւնը», շեշտեց ան:

Իր կարգին, Կրանտի յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանցիներուն` աւելցնելով, որ ՄԱԿ կ՛ողջունէ կամովին տունդարձ կատարել փափաքող սուրիացի տեղահանուածներուն հանդէպ Լիբանանի յարգանքը:

Ան նշեց, որ իրենք կը գործակցին նաեւ Սուրիոյ կառավարութեան հետ` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը բարդացնող լուրջ  արգելակներն ու խոչընդոտները չէզոքացնելու նպատակով:

Կրանտի ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն զօրակցելու եւ օժանդակելու իմաստով ՄԱԿ իր օժանդակութիւնները ամրապնդած է, ինչպէս նաեւ ծրագրած է յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրել լիբանանցի ժողովուրդին:

ՊԷՏՔ է աւելցնել, որ վարչապետարանէն հրապարակուած վարչական հրամանագիրով մը հաստատուեցաւ, որ Նոր տարուան, Ս. ծնունդի եւ հայկական Ս. ծնունդի առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան երկուշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2022-ին, երկուշաբթի,  2 յունուար 2023-ին եւ ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին:

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Յաջորդը

Խորհրդարանը Չկրցաւ Հանրապետութեան Նոր Նախագահը Ընտրել

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ.   «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը  Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ»  Շեշտեց Պիզլի
Լիբանանեան

Վարչապետարանին Մէջ. «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Պիզլի

Յունուար 28, 2023
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական  Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի  Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները

Յունուար 28, 2023
Իրլանտայի Պաշտպանութեան  Նախարարը Այցելեց Լիբանան
Լիբանանեան

Իրլանտայի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In