Լիբանանի մէջ Օդային փոխադրամիջոցներու ընկերակցութիւնը` «Եու.Թի.Էյ.»-ը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով սպառնաց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի` պաշտօնեաներու ամսականներու մէկ մասէն տուրք գանձելու որոշումին պատճառով փակել Պէյրութի միջազգային օդակայանը:
«Օդային փոխադրամիջոցներու մարզի պաշտօնեաներն ու աշխատաւորները հարուածած եռամեայ մեծ անկումէն ետք, եւ պայքարներէն ու բանակցութիւններէն ետք օդային փոխադրամիջոցներու ընկերութիւններու վարչութիւններուն հետ, անոնց ողջունելի ընդառաջումէն ետք, որ ամսականներու մէկ մասը հանգրուանային կերպով վճարուին տոլարով` ամսականներու գնողական կարողութեան զօրակցելու համար, այդ ձեւով պահպանեցինք բնական կերպով գործող օդային փոխադրամիջոցներու շարժումը, եւ այս մարզին մէջ որեւէ խնդիր չեղաւ, եւ ընկերութիւններու վարչութիւնները ողջունելի կերպով դրական կ՛ընդառաջէին աշխատաւորներուն արդար պահանջներուն:
«Սակայն անսպասելի հարուած ստացանք ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլէն, երբ անարդար որոշում տուաւ մեր ամսականին տոլարով ստացած բաժինէն յետադարձ դրութեամբ տուրք գանձելու` այդպիսով գրիչի մէկ հարուածով ոչնչացնելով պաշտօնեաներուն համար մեր բոլոր ապահովածները», նշեց ընկերակցութիւնը:
Լիբանանի մէջ Օդային փոխադրամիջոցներու ընկերակցութիւնը զգուշացուց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարը այդ որոշումին հետեւանքներէն` նշելով, որ այդ առնչութեամբ լուռ պիտի չմնայ:
«Ուստի սենտիքայական մեր դիրքէն զգուշացման ահազանգ կը հնչեցնենք` ետդարձ կատարեցէ՛ք այս անարդար որոշումէն եւ մեզ մի՛ ստիպէք ժխտականութեան դիմել ու փակել Պէյրութի միջազգային օդակայանը` հետեւելով պետութեան պաշտօնեաներու եւ դատաւորներու օրինակին», եզրափակեց ընկերակցութիւնը:
«Միտըլ իսթ» ընկերութեան պաշտօնեաներու աշխատաւորներու սենտիքան յայտարարեց, որ պիտի զօրակցի Օդային փոխադրամիջոցներու ընկերակցութեան որդեգրելիք որոշումին: