Երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Մարք Թաքաթոյի եւ ընկերակցութեամբ ներկայացուցիչներ Քոլին Ալրիտի եւ Քէյթի Փորթըրի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա:
Քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւնները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: