ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ պատկան ուժեր շաբաթավերջին յաջողած են ձերբակալել 17-ամեայ Էլի Մ. Մաթթայի սպանութեան պատասխանատու լիբանանցի եւ սուրիացի յանցագործները: Նշենք, որ ոճիրի լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի Աքթանիթ աւանի բնակիչները շրջանին մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն թելադրած են հեռանալ իրենց աւանէն եւ իրապէս կիրակի կէսօրին արդէն սուրիացիներու մեծամասնութիւնը լքած էր նշեալ շրջանը:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ լիբանանեան տարբեր շրջաններ իր այցելութեան ծիրին մէջ, հարաւային Լիբանանէն, Պեքաայէն եւ Հերմելէն ետք երէկ այցելեց Պաալպեքի շրջանը, ուր մօտէն հետեւեցաւ քոլերայի ժահրին դէմ պատուաստուելու նախապատրաստական քայլերուն: Նախարար Ապիատ հաւաստեց, թէ 600 հազար պատուաստ կայ դիմադրելու համար այս վարակին:
ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Ամալի եւ Հըզպալլայի ղեկավար կազմերու ներկայացուցիչներ շաբաթավերջին գումարեցին իրենց հերթական հանդիպումը, ուր անոնք խորհրդակցեցան Պաալպեք-Հերմել շրջանի բարգաւաճման ու ապրուստի հրատապ հարցերուն շուրջ: Հանդիպումին ներկայ էր փոխադրութեան եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ եւ առողջապահութեան նախկին նախարար Համատ Հասան եւ Պաալպեքի շրջանէն կարգ մը երեսփոխաններ:
ԿԱԼԵՐԻ Սըմաան շրջանին մէջ հետախուզական պատկան ուժեր յաջողած են ձերբակալել խմբակի մը անդամնեդրը, որոնք Պեքաայի շրջանէն թմրեցուցիչ չբերելով կը վաճառէին ու ցրուէին Լեռնալիբանանի շրջանին մէջ:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ Արեւմտեան շրջանի Հայ Սլլոմ թաղամասին մէջ ապահովական ուժեր ձերբակալած են աւազակախումբի մը անդամները, որոնք խոստովանած են, թէ աւելի քան եօթը հարիւր հեծանիւ գողցած են վերջերս:


