Լիբանանեան

Նայիմ Քասեմ. «Ինչպէ՞ս Ուրիշներ Կրնան  Դէպի Արեւելք Թեքուիլ, Իսկ Լիբանան  Այդ Իրաւունքը Չունի»

Նայիմ Քասեմ. «Ինչպէ՞ս Ուրիշներ Կրնան Դէպի Արեւելք Թեքուիլ, Իսկ Լիբանան Այդ Իրաւունքը Չունի»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս ուրիշներ կրնան դէպի Արեւելք թեքուիլ, իսկ Լիբանան այդ իրաւունքը չունի: Քասեմ հաստատեց. «Ինչպէս որ Լիբանան հզօր էր իր Դիմադրութեամբ եւ յաղթանակ արձանագրեց` հակառակ ամերիկեան մերժումներուն, ան պէտք է հզօր ըլլայ նաեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հետ իր ներդրումներուն մէջ, որպէսզի տնտեսական մարզին մէջ աճ արձանագրէ:  

Դատախազ Ղատա Աուն Դատական Հարց  Կը Յարուցէ Իմատ Օսմանի Դէմ

«Ապահովական Բոլոր Ուժերուն Հետ Կը Գործակցիմ Եւ Պիտի Չհրաժարիմ` Ինչքան Որ Ալ Բարձրանան Անիրաւութեան Ձայները» Շեշտեց Դատախազ Ղատա Աուն

Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն յայտնեց, որ ամէն անգամ, երբ ինք յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ` գերզգայուն թղթածրարներու մէջ, վարձկան լրատուամիջոցներ կը յայտնուին իր աշխատանքին դիմաց սուտերով եւ անճիշդ տեղեկութիւններով: Աուն նշեց, որ այդ իրականութիւնը զինք չի զարմացներ, որովհետեւ անոնք, որոնք ինք կը հետապնդէ, նիւթական հարստութիւն եւ հեղինակութիւն ունին, ինչպէս նաեւ մաս կը կազմեն փտածութեան հսկայական համակարգի մը, որուն ոճրային կշիռը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.700 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 13.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 13.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 15.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 753.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը`...

Ռիատի Մէջ.  Միքաթի Ճինփինկի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ենթակառոյցին Մէջ Ներդրումներ Կատարելու Կարելիութիւնները

Ռիատի Մէջ. Միքաթի Ճինփինկի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ենթակառոյցին Մէջ Ներդրումներ Կատարելու Կարելիութիւնները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Չինաստանի նախագահ Չի Ճինփինկի հետ, որ շեշտեց, թէ Չինաստան բարձր կը գնահատէ Լիբանանի բերած դրական ներդրումը` արաբական-չինական յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ: Ճինփինկ ընդգծեց, որ Չինաստան հետաքրքրուած է Լիբանանի հետ տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելով: Ան հաստատեց, որ Չինաստան պատրաստ է Լիբանանին զօրակցելու եւ անոր կարիքներուն օժանդակելու, յատկապէս վերանորոգուող ուժանիւթի...

Ռայի Պատրիարք. «Պէտք Է Ուղղուիլ  ՄԱԿ-ին Եւ Որոշումի Երկիրներուն`  Լիբանանը Փրկելու»

Ռայի Պատրիարք. «Պէտք Է Ուղղուիլ ՄԱԿ-ին Եւ Որոշումի Երկիրներուն` Լիբանանը Փրկելու»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան Ա. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ նշեց, թէ Լիբանանի մէջ իշխանութիւն չկայ, որովհետեւ Թաէֆի համաձայնագիրը չէ գործադրուած, իսկ գործադրուած բաժինը բաւական թերութիւններով իրագործուած է: «Պէտք է ուղղուիլ ՄԱԿ-ին եւ որոշումի երկիրներուն` փրկելու Լիբանանը, երբ տակաւին ուշ չէ: Լիբանանեան հարցի միջազգայնացումը միակ ընտրանքն է, երբ ներքին առումով որդեգրուած բոլոր ելքերը...

Հէյլ Այցելեց Ժեմայէլի Եւ Ժահժահի

Հէյլ Այցելեց Ժեմայէլի Եւ Ժահժահի

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական, Ուաշինկթընի «Ուիլսըն» ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադիր իշխանութեան վերակազմակերպումը` բարելաւելու համար պետական հաստատութիւններուն աշխատանքն ու դադրեցնելու համար երկրին դէպի անդունդ գահավիժումը: Մեհրապի Մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար...

Զօր. Աուն Մեկնեցաւ Քաթար

Զօր. Աուն Մեկնեցաւ Քաթար

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան մեկնեցաւ Քաթար` ընդառաջելով Քաթարի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանիի հրաւէրին: Քաթարի մէջ զօր. Աուն դիմաւորուեցաւ շէյխ Մոհամետ Ալ Թանիի կողմէ, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի` լիբանանեան բանակին կատարած օժանդակութիւններուն համար: Զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ քաթարեան բանակի սպայակոյտի պետ Սալեմ պըն Համատ պըն Աքիլ Նապեթի հետ:...

Թայմուր Ժոմպլաթ Ողջունեց Պըրրիի Երկխօսութեան Կոչը

Թայմուր Ժոմպլաթ Ողջունեց Պըրրիի Երկխօսութեան Կոչը

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շեշտեց, որ միայն երկխօսութիւնը կարողութիւն ունի ճեղք մը յառաջացնելու փակ պատին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փակ փապուղիէն դուրս բերել: Այս առումով ան լուսարձակի տակ առաւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախաձեռնած քայլերը` երկխօսութեան վերաբերեալ: Ան վերյիշեցուց, որ անցեալ մայիսին խորհրդարանական ընտրապայքարին ընթացքին իրենց պատգամը եղած էր երկխօսութեան որդեգրումը` դէմ դնելու...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.350 լ. ոսկի է: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քերիմ Քապպարա յայտնեց, որ լիբանանցիները քաղաքական կարգ մը ուժերու պատանդներն են եւ կը վճարեն տագնապներուն տուրքը: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան կոչին վերաբերեալ երեսփոխանական պլոքներու պատասխանին: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Նախկին Նախագահն ու Ժըպրան Պասիլը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Նախկին Նախագահն ու Ժըպրան Պասիլը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պքերքէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունը: Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցով չէ, որ Պքերքէ կ՛այցելէ, այլ` որովհետեւ երկրին Ազգային ուխտն ու սահմանադրութիւնը հարուած ստացած են, իսկ իրաւունքները երաշխաւորուած ու ապահով չեն: Զօր. Աուն շեշտեց, որ տագնապը մեծ է, եւ այդ մասին ոչինչ...

Ռիատի Մէջ.  Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ Արաբական  Երկիրներու Պատասխանատուներու Հետ

Ռիատի Մէջ. Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ Արաբական Երկիրներու Պատասխանատուներու Հետ

Արաբական-չինական վեհաժողովին ներկայ գտնուելու առումով Սէուտական Արաբիոյ թագաւորէն հրաւէր ստացած վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, որ կը գտնուի Ռիատ, հանդիպումներ ունեցաւ արաբական երկիրներու պատասխանատուներու հետ: Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի գահաժառանգ իշխան շէյխ Մաշաալ Ահմետ Ժապեր Սապահի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարեսկիզբին Քուէյթ կատարելիք իր պաշտօնական այցելութեան մանրամասնութիւնները: Վարչապետի պաշտօնակատարը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայյահ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.800 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 15.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 14.000 լ. ոսկիով, մազութը` 11.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 766.000 լ....

Խորհրդարանը Երէկ Եւս Չյաջողեցաւ Ընտրել  Հանրապետութեան Նոր Նախագահը

Խորհրդարանը Երէկ Եւս Չյաջողեցաւ Ընտրել Հանրապետութեան Նոր Նախագահը

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց նախագահական ընտրութեան իր իններորդ նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Նիստին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ առանց երկխօսութեան ոչինչ կարելի է լուծել: «Կը յուսամ, որ այսօրուընէ սկսեալ մինչեւ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022, երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն կարծիքը առած կ՛ըլլամ երկխօսութեան իմաստով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերին է, որ խորհրդարանը պիտի գումարէ նախագահական ընտրութեան 10-րդ եւ...

Այն Թինէի Մէջ.  «Լիբանանի Իրավիճակը Յուսալքող Չէ,  Եւ Ես Լաւատես Եմ Երկրին Ապագայով»  Շեշտեց Հէյլ

Այն Թինէի Մէջ. «Լիբանանի Իրավիճակը Յուսալքող Չէ, Եւ Ես Լաւատես Եմ Երկրին Ապագայով» Շեշտեց Հէյլ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական, Ուաշինկթընի «Ուիլսըն» ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Տէյվիտ Հէյլը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հէյլ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է «Ուիլսըն» կեդրոնի ուսումնասիրութիւնները, որոնք կը վերաբերին Միջին Արեւելքին եւ յատկապէս Լիբանանին` անոր տնտեսական կացութեան, քաղաքական ծրագիրին եւ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանի...

Յորդանանի Թագաւորը Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

Յորդանանի Թագաւորը Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուի Ամման: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Յորդանանի գահաժառանգ իշխան Հիւսէյն պըն Ապտալլա, թագաւորական պալատի գրասենեակի տնօրէն Ժաաֆար Հասսան եւ Ռայի պատրիարքին ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի եղբայրական յարաբերութիւնները: Ապտալլա Բ. թագաւորը վերահաստատեց Յորդանանի զօրակցութիւնը Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած տագնապները: Ան ընդգծեց նաեւ,...

Հըզպալլայի Պատասխան  Հաղորդագրութիւնը` Ժըպրան Պասիլին

Հըզպալլայի Պատասխան Հաղորդագրութիւնը` Ժըպրան Պասիլին

Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` ի պատասխան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոր կատարած յայտարարութիւններուն: «Բոլորին համար արդէն ծանօթ է, որ Հըզպալլա ինչպէ՛ս կը լուծէ իր հարցերը, յատկապէս երբ ան իր բարեկամներուն եւ դաշնակիցներուն հետ տարակարծութեան մէջ կը յայտնուի: Հըզպալլա յանձնառու կը մնայ այդ հարցերը քննարկելու` անձնական եւ ուղղակի հանդիպումներու ընթացքին: Նկատի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.700 լ. ոսկի է: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ քոլերայի համաճարակը հակակշիռի տակ է` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի տօնական օրերը հանգիստ պայմաններու մէջ անցընելու: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ ոչ մէկ համակարգում տեղի ունեցած է նախագահական ընտրութեան...

«Ոչ Ոք Մեզի Կը Սպառնայ Կամ  Մեր Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Ոչ Ոք Մեզի Կը Սպառնայ Կամ Մեր Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան անցեալ ուրբաթ օրուընէ կառավարութեան գումարելիք նիստին մթնոլորտին մէջ էր, եւ այդ հիման վրայ անոր հետ կատարուեցան խորհրդակցութիւններ, որոնց հիմամբ ան համաձայն գտնուեցաւ կիրակի օր հրապարակուած ինը նախարարներու միացեալ հաղորդագրութեան, «սակայն...

Սլիմ Զօր. Լազարոյի Հետ Ստորագրեց Համաձայնագիր Մը

Սլիմ Զօր. Լազարոյի Հետ Ստորագրեց Համաձայնագիր Մը

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն, որուն հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը` լիբանանեան բանակին գումակային օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով: Սլիմ բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը` 1978-էն ի վեր: Ան հաստատեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի կայունութիւնն ու անդորրը պահպանելու իմաստով: Իր կարգին,...

«Առաջարկեցի Միջազգային Խորհրդաժողով Մը  Գումարել, Ինչպէս Էր Պարագան Թաէֆին»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

«Իրաւունք Չունիք Հանրապետութեան Նախագահ Չընտրելու» Հաստատեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Յորդանան կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի պատասխանատուներուն ըսաւ. «Հանրապետութեան նախագահ չընտրելու իրաւունք չունիք: Իրաւունք չունիք քաղաքակիրթ երկիր մը քանդելու, անոր ժողովուրդը աղքատացնելու ու պատճառ դառնալու վերջինիս արտագաղթին: Իրաւունք չունիք հանգիստ քնանալու, երբ տոլարի փոխարժէքը 41.000 լ. ոսկին անցած է, այլ պէտք է իմանաք, որ քաղաքականութիւնը արժանապատիւ արուեստ մըն է` ծառայելու հանրութեան»:...

Page 299 of 987 1 … 298 299 300 … 987

Արխիւներ