Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլայի Պատասխան Հաղորդագրութիւնը` Ժըպրան Պասիլին

December 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` ի պատասխան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոր կատարած յայտարարութիւններուն:

«Բոլորին համար արդէն ծանօթ է, որ Հըզպալլա ինչպէ՛ս կը լուծէ իր հարցերը, յատկապէս երբ ան իր բարեկամներուն եւ դաշնակիցներուն հետ տարակարծութեան մէջ կը յայտնուի: Հըզպալլա յանձնառու կը մնայ այդ հարցերը քննարկելու` անձնական եւ ուղղակի հանդիպումներու ընթացքին: Նկատի ունենալով, որ կը մերժենք մեր բարեկամներուն հետ բանավէճի մէջ մտնել, եւ որովհետեւ Պասիլի յայտարարութիւնները քննարկումի կարիք ունին, մենք զմեզ ստիպուած կը գտնենք անդրադառնալ երկու հարցի եւ զանոնք յստակացնել լիբանանեան հանրային կարծիքին համար:

Ա. հարցը այն է, որ Հըզպալլա ոչ ոքի խոստացած է, թէ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը նիստ պիտի չգումարէ, եթէ զայն բաղկացնող բոլոր կողմերը համաձայն չըլլան: Հետեւաբար Պասիլի կողմէ կառավարութեան նիստի գումարումը խոստումի դրժում նկատելը ճիշդ չէ:

Հըզպալլա չէ խոստացած, որ իր նախարարները պիտի բացակային նիստէն, եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները նիստին չմասնակցին, հետեւաբար Հըզպալլա խոստում դրժելու վիճակին մէջ չէ գտնուած, եւ Պասիլ սխալած է, երբ յայտարարած է, թէ անկեղծները խոստմնադրուժ եղած են:

Բ. հարցը այն է, թէ երբ մենք նիստի հրաւիրուեցանք, մեր մասնակցութեան նախապայմանը այն էր, որ նիստը քննարկէ գերկարեւոր եւ շտապ հարցերը, որոնք անյետաձգելի են:

Քննելէ ետք օրակարգին կէտերը, մեզի համար յստակ դարձաւ, որ կան որոշ շտապ հարցեր, որոնց լուծումը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել կառավարութեան նիստով:

Հետեւաբար կառավարութեան նիստին մեր մասնակցութեան տրուած քաղաքական մեկնաբանութիւնները, ինչպէս` նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ պատգամ, քաղաքական ճնշում, քրիստոնեայ դերակատարութեան թիրախաւորում եւ այլն, երեւակայութիւններ են, որովհետեւ այդ բոլորը գոյութիւն չունին:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համակիրներուն կողմէ կատարուած դաւաճանութեան ամբաստանութիւնները բարեկամներուն հանդէպ ոչ իմաստուն եւ անվայել վարուելակերպի արտայայտութիւններ են: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` բարեկամութեան եւ բարեկամներուն հանդէպ մեր յանձնառութիւնը կը մնայ իրաւարարը` որեւէ հակազդեցութեան հետ վարուելու պարագային, կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Յորդանանի Թագաւորը Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.