Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թայմուր Ժոմպլաթ Ողջունեց Պըրրիի Երկխօսութեան Կոչը

December 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շեշտեց, որ միայն երկխօսութիւնը կարողութիւն ունի ճեղք մը յառաջացնելու փակ պատին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փակ փապուղիէն դուրս բերել:

Այս առումով ան լուսարձակի տակ առաւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախաձեռնած քայլերը` երկխօսութեան վերաբերեալ: Ան վերյիշեցուց, որ անցեալ մայիսին խորհրդարանական ընտրապայքարին ընթացքին իրենց պատգամը եղած էր երկխօսութեան որդեգրումը` դէմ դնելու համար ուրիշը ջնջելու եւ մենաշնորհներ ձեռք ձգելու շրջագիծին մէջ օգտագործուող բառամթերքին:

Թայմուր Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ ժողովուրդը իր վստահութիւնը շնորհած է այս ընտրանքին` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն այդ ուղիով:

Ժոմպլաթ ողջունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան կոչը` ընդգծելով, որ ան կը միտի կասեցնել երկիրը քանդելու ուղին:

«Մենք երկխօսութիւնը արագացնել փորձող միակ կողմը կը նկատուինք, իսկ նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող ներկայ տագնապն ու սառած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան ձախողեցման փորձերը, ապա կը հաստատենք, որ պէտք է համախոհութիւն գոյացնել կարող անհատի մը շուրջ: Անձնաւորութիւն մը, որ կարողութիւն ունենայ գործադրելու սահմանադրութիւնը, յանձնառու մնայ Թաէֆին եւ յառաջիկայ մարտահրաւէրներուն դէմ դնէ` բարեկարգումի յստակ ծրագիրով:

Երկխօսութիւնը պէտք է երաշխաւորէ նաեւ պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը` մեղմացնելու համար քաղաքացիին բեռը` ապրուստը ապահովելու եւ տնտեսական ճգնաժամին դիմանալու առումով», ընդգծեց Ժոմպլաթ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Զօր. Աուն Մեկնեցաւ Քաթար

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.