ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.700 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 13.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 13.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 15.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 753.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 772.000 լ. ոսկի, մազութը` 798.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 466.000 լ. ոսկի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ վստահութիւնը վերականգնելը անկարելի է` աւելցնելով, որ քրիստոնեաներու շահերուն յանձնառու եղողը պէտք է նախագահական լուրջ թեկնածու առաջադրէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սլէյման յայտնեց, որ Ազգային հաւասարակշռութիւն համախմբումը պիտի մասնակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութեան նիստին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու սահմանադրական գործընթացները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ կուսակցութիւնը դէմ չէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութեան սկզբունքին, սակայն կը սպասէ մանրամասնութիւններուն եւ յատկապէս երկխօսութեան գործիքակազմին, որ պէտք է սահմանափակուի միայն նախագահական ընտրութեան թղթածրարով:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ, անդրադառնալով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ լիբանանեան հարցը միջազգայնացնելու կոչին, յայտնեց, որ որոշումը միշտ արտաքին եղած է, եւ Լիբանան արդէն իսկ արտաքին աշխարհին կողմէ պետութիւն չէ նկատուած:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, սէուտական իշխանութիւնները լուրջ քննարկումի սկսած են ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ` Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար մտածելու լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութեան առաջադրումին մասին: