Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Նախկին Նախագահն ու Ժըպրան Պասիլը

December 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պքերքէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունը:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցով չէ, որ Պքերքէ կ՛այցելէ, այլ` որովհետեւ երկրին Ազգային ուխտն ու սահմանադրութիւնը հարուած ստացած են, իսկ իրաւունքները երաշխաւորուած ու ապահով չեն:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ տագնապը մեծ է, եւ այդ մասին ոչինչ կ՛ըսուի:

Նշենք, որ առաւօտեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութեան նիստին գումարումը վտանգաւոր է եւ ահռելի` աւելցնելով, որ բոլոր լիբանանցիները` իսլամ եւ քրիստոնեայ, պատասխանատու են, եթէ այս առնչութեամբ լուռ մնան:

Պասիլ նշեց, որ կառավարութենէն բխած են 10 հրամանագիրներ, որոնք ստորագրուած են գայթակղեցուցիչ կերպով` ջնջելով հանրապետութեան նախագահին ստորագրութեան բաժինը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն հետեւելու եւ տեսնելու, թէ այդ մէկը միայն հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին հարուած չէ հասցուցած, այլեւ` ամբողջ հանրապետութեան, լիբանանեան գոյացութեան եւ ամէն ինչին, որ կապ ունի ազգային համագործակցութեան եւ Ազգային ուխտին հետ:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ Ռայի պատրիարքին հետ շարունակած է քննարկել նախապէս սկսուած թղթածրար մը, որ կը վերաբերի հանրապետութեան նախագահութեան, որուն ծիրին մէջ սկսած էին փնտռել այնպիսի միջոցներ, որոնց շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել նախագահական թեկնածու մը, որ կը վայելէ խորհրդարանի երկու երրորդին թեկնածութիւնը:

Պասիլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը ունի իր խորհրդանշականութիւնը, ներկայացուցչութիւնը եւ իմաստը, հետեւաբար «մենք պատասխանատու ենք», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ իրենք բոլորին հետ գործակցելու պատրաստ են, սակայն ոմանք պատրաստ չեն եւ կարելի չէ ստիպել անոնց, որ անպայման գործակցին:

Ան ընդգծեց, որ ինք կոչ ուղղած է Ռայի պատրիարքին ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի մէկ կեցուածք եւ մէկ կարծիք գոյանայ` թեկնածուի մը կամ խումբ մը թեկնածուներու շուրջ, որպէսզի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը իր սառած վիճակէն դուրս գայ:

«Կը մաղթենք, որ բոլոր ուժերուն կողմէ մեր կոչը ընդառաջում գտնէ, իսկ մենք պիտի ջանանք ներքին եւ արտաքին ճակատներուն վրայ այս իմաստով անխոնջ պայքար մղել», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը իր կարգին հաստատեց, որ կառավարութեան նիստ պէտք չէր գումարուեր, յատկապէս նկատի ունենալով նիստէն բացակայող կողմերը:

Պատասխանելով Պքերքէի մէջ միջքրիստոնէական երկխօսութիւն կատարելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք միշտ երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ: «2009-էն ի վեր երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղեմ եւ առանց երկխօսութեան ոչ մէկ լուծումի հաւանականութիւն կը տեսնեմ` քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ: Երկխօսութեան իմ պատկերացումս այն է, որ իմ եւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի միջեւ երկխօսութիւն կատարուի եւ կամ հաւաքական երկխօսութիւն, հակառակ անոր որ վերջինիս պարագային դժուարութիւնները եւ բարդութիւնները աւելի շատ կրնան ըլլալ», շեշտեց Ռայի:

Նախորդը

Ռիատի Մէջ. Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ Արաբական Երկիրներու Պատասխանատուներու Հետ

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Այցելեցին «Վանայ Ձայն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.