ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.800 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 15.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 14.000 լ. ոսկիով, մազութը` 11.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 766.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 785.000 լ. ոսկի, մազութը` 813.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի շիշը` 469.000 լ. ոսկի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ քաղաքական որոշ կողմեր կը շարունակեն երկրին քաղաքական կեանքը արգելակել, հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական փլուզումին:
ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս, իր խօսքը ուղղելով վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ խնդրոյ առարկայ նախարարներուն, յայտնեց, որ անոնք պէտք չէ գրաւ դնեն վարորդներուն եւ սենտիքաներուն ու անոնց համադաշնակցութեան համբերութեան վրայ, որովհետեւ այդ համբերութիւնը սկսած է հատնիլ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ գործեց Մազարեհ Շեպաայի, Հասպայայի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ` խախտելով թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնն ու ոտնձգութիւն գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի հաստատեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ պատճառ չէ եղած Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ յարաբերութեան վատթարացման` աւելցնելով, որ Ֆրենժիէ տարիներ շարունակ նեցուկ կանգնած է Ազգային ազատ հոսանքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրները հաստատեցին, որ Լիբանանեան ուժերը կարողութիւն չունին Ազգային ազատ հոսանքին հետ նոր համաձայնութիւն կամ փոխըմբռնում կատարելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի կոչ ուղղեց համաձայնութիւն գոյացնելու նախագահական թեկնածուի մը շուրջ, որ բոլորին համախոհութիւնը կը վայելէ: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն զիջում կատարելու:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան կոչը վերջին լուրջ փորձն է` նախագահական ընտրութիւնը լիբանանականացնելու եւ անզօրութեան պատը ճեղքելու:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար շեշտեց, որ Լիբանանը տնտեսական խոցելի վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ պէտք է ըլլալ դրական, իսկ լիբանանցին միշտ եւ բոլոր պայմաններուն մէջ քաջ է ու տոկացող:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հրաժարած է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրէն` աւելցնելով, որ Միքաթի առանձինն կը կրէ այդ թղթածրարի լուծումը խոչընդոտելու պատասխանատուութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով յայտնեց, որ Ռուսիոյ կողմէ լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ ուժի դէմ «վեթօ» գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Ռուսիա այցելութեան փափաք չէ յայտնած: Ան նշեց, որ ռուսական իշխանութիւնները սկզբունքային համաձայնութիւն յայտնած են Լիբանանի տրամադրուելիք ռուսական նուիրատուութեան, եւ ընդգծեց, որ Մոսկուա ՄԱԿ-ին հետ կ՛աշխատի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու ուղղութեամբ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան զարգացումներն ու շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:


