ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.350 լ. ոսկի է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քերիմ Քապպարա յայտնեց, որ լիբանանցիները քաղաքական կարգ մը ուժերու պատանդներն են եւ կը վճարեն տագնապներուն տուրքը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան կոչին վերաբերեալ երեսփոխանական պլոքներու պատասխանին:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց Լոնտոն կատարելիք իր այցելութեան մանրամասնութիւնները: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը պիտի այցելէ Բրիտանիա` ընդառաջելով պաշտօնական հրաւէրի մը: Քոուել նշեց Ռայի պատրիարքին Լոնտոն կատարելիք առաջին այցելութիւնը լաւ պատրաստելու եւ ծրագրելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ նախագահական դատարկութեան վերջ տալու իմաստով Ռայի պատրիարքին դերակատարութիւնը ողջունելի է:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի անդամ երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ երկխօսութեան իմաստով իրենք իրենց կեցուածքը չեն փոխած, իսկ Պքերքէ փարոս է եւ ոչ թէ պատնէշ: Պու Ասի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Պքերքէ այցելեց, որպէսզի արձակազէնի նման կրակէ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց Ժահիլիէի կարիքները եւ շրջանին մէջ ընկերային ծառայութիւն տրամադրելու հեռանկարները, որպէսզի անոնք կարենան աշխատանքը շարունակել եւ այդ շրջանին քաղաքացիներուն ծառայել:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմի տեղեկատուական գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Քըրըմ կը մերժէ բանավէճի մաս կազմել եւ ճնշումի ներքեւ բանակցիլ, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ, որ նախարարութեան վերջնական կեցուածքն է բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութեան մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձի յաւելում չտրամադրել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի միակ անձնաւորութիւնն է, որ երկխօսութեան լեզուն կ՛առաջարկէ:
ՊԱԱԼՊԵՔ – Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Հըզպալլա միշտ յանձնառու կը մնայ երկխօսութեան եւ կը շեշտէ անոր կարեւորութիւնը` յատկապէս այս ժամանակաշրջանին:


