ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.700 լ. ոսկի է:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ քոլերայի համաճարակը հակակշիռի տակ է` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի տօնական օրերը հանգիստ պայմաններու մէջ անցընելու:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ ոչ մէկ համակարգում տեղի ունեցած է նախագահական ընտրութեան երէկուան նիստին առնչութեամբ:
ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄԻ երեսփոխան Էլիաս Ժրատէ յայտնեց, որ իրենք պիտի ջանան օժանդակել հանրապետութեան նորընտիր նախագահին եւ զայն հաշուետուութեան պիտի կանչեն որեւէ սխալի պարագային:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 8000 լ. ոսկիով, մազութինը` 8000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 4000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 781.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 799.000 լ. ոսկի, մազութը` 824.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 466.000 լ. ոսկի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը: Ան նշեց նաեւ, որ Հըզպալլայի կողմէ նախագահական ընտրութեան ոեւէ թեկնածու երկիրը շատ աւելի լուրջ քայքայումի պիտի առաջնորդէ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ռոնի Արայժիի եւ Ճոն Պութրոսի: Քննարկուեցան ազգային եւ միջազգային մակարդակի վրայ շարք մը հարցեր:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրին թռիչքներ գործեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վերեւ` ոտնձգութիւն գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ալիի այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:


