Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան մեկնեցաւ Քաթար` ընդառաջելով Քաթարի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանիի հրաւէրին:
Քաթարի մէջ զօր. Աուն դիմաւորուեցաւ շէյխ Մոհամետ Ալ Թանիի կողմէ, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի` լիբանանեան բանակին կատարած օժանդակութիւններուն համար:
Զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ քաթարեան բանակի սպայակոյտի պետ Սալեմ պըն Համատ պըն Աքիլ Նապեթի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ քաթարեան բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած Քաթարի օժանդակութիւններուն շարունակութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել ներկայ դժուարութիւնները:
Շէյխ Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան հսկելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու առումով` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող սուր տագնապներն ու ծանր մարտահրաւէրները:


