Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին «Նաշրա»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ նախանցեալ օր հրապարակուած որոշումը, որ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելուն, անարգ եւ մերժելի որոշում մըն է:
Շարաֆէտտին յայտնեց, որ այդ որոշումին նպատակն է Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը Սուրիա չայցելէ եւ տեղահանուածներու տունդարձին պատշաճ ու ապահով գործիքակազմ մը եւ արարողակարգ մը չմշակէ:
«Եւրոպական խորհրդարանին որոշումը լիբանանեան ներքին հարցերուն կոպիտ միջամտութիւն է, իսկ ես պահանջած եմ կառավարութեան արտակարգ եւ շտապ նիստ մը գումարել` դատապարտելու համար այս որոշումը, որ անարդար է տնտեսական, ընկերային, ապահովական եւ կենսոլորտային տագնապներ դիմագրաւող, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն ներկայութեան պատճառով ապագային ժողովրդագրական տագնապներ դիմագրաւելու ենթակայ Լիբանանի հաշուոյն», ըսաւ ան:
Իր կարգին, արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ յայտնեց, որ տեղահանուածներուն մասին Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը յանձնախումբի յաջորդ նիստին քննարկուելիք հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ:
Ալամէ շեշտեց, որ յանձնախումբը իր նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին:
Ան նկատել տուաւ, որ յանձնախումբը այս թղթածրարին հարցով լուրջ եւ մեծ աշխատանք տարած է, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունեցած է դիւանագիտական տարբեր անձնակազմերու հետ:
Ան ընդգծեց սուրիացի տեղահանուածներուն կամովին տունդարձ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ իր մայր հայրենիքը վերադառնալը տեղահանուածին նուազագոյն իրաւունքն է:
Երեկոյեան Ալամէի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը կը հակադրուի երկրին սահմանադրութեան, լիբանանեան եւ միջազգային օրէնքներուն, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու տունդարձի իրաւունքին հետ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ նման որոշումի մը հրապարակումը անակնկալ էր, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Պրիւքսելի խորհրդաժողովին միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ Լիբանանի կեցուածքին հանդէպ ըմբռնում ցուցաբերուած էր:
Ալամէ իր հաղորդագրութեան մէջ հաստատեց նաեւ, որ արտաքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը հանդիպումներ ունեցած էր մեծ թիւով կազմակերպութիւններու եւ օտար երկիրներու դեսպաններու հետ եւ բացատրած տեղահանուածներուն ներկայութեան ունեցած հետեւանքները լիբանանցիներուն վրայ:
«Աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ Եւրոպական խորհրդարանը որոշէր սուրիացիներուն յատկացուցած միջազգային օժանդակութիւնները շարունակել Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ, որպէսզի զանոնք իրենց երկրին մէջ կայունացնէր` գաղթակայաններուն մէջ եւ վրաններու տակ մնալու փոխարէն, ինչպէս նաեւ անոնց հայրենիքին մէջ ապահովէր անոնց կայուն ապագան», նշեց Ալամէ:
Ան խստիւ դատապարտեց Եւրոպական խորհրդարանին որոշումը, որ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի: «Կը հաստատենք, որ մենք սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը չենք քաղաքականացներ, այլ զայն կը պահենք մարդասիրական իր բնոյթին մէջ: Տրամաբանութիւնը կ՛ենթադրէ լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկային միջեւ գործակցութիւն յառաջացնել, ինչպէս նաեւ անոնց տեսակէտները լսել, որպէսզի կարելի ըլլայ այս թղթածրարին վերջնական լուծում մը ապահովել` իրականացնելով տեղահանուածներուն ապահով եւ կամովին տունդարձը», եզրափակեց ան:
Միւս կողմէ, Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը օրինական ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, «ընդհակառակն` կարելի է ըսել, որ Եւրոպական խորհրդարանը իր այս որոշումով կը խզէ միջազգային օրէնքը, որովհետեւ ան միջամուխ կը դառնայ այլ երկիրներու գերիշխանական հարցերուն», հաստատեց ան:
Քարամէ յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը շտապէ եւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերեալ որոշում մը հրապարակէ` յատկապէս նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը նման լուրջ որոշում տալու վիճակին մէջ չէ:
Նշենք, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց նաեւ, որ Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը մերժելու լիբանանեան համախոհութիւն գոյութիւն ունի: Ապտալլա շեշտեց, որ կառավարութենէն պահանջուած է արագ քայլերու դիմել լուծելու համար այս թղթածրարը` աւելցնելով նաեւ, որ հետաքրքրական է այս մասին սուրիական կողմին լուռ մնալը: