Միւֆթի Տըրիան Շեշտեց Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Լիբանանի ապահովութիւնը, լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը, բանակին գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան զինեալ ուժերուն կարիքները: Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց երկրին զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւնները պաշտպանելու` անոնց թափուր մնացած պաշտօններուն նշանակումներով, ինչպէս նաեւ ամրապնդելով անոնց աշխատանքը: Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան...




















