Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը

July 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի յայտնեց, որ Միւֆթի Տըրիանը շնորհաւորած է Ատհայի տօնին առիթով, եւ աւելցուց, որ քննարկուած է երկրին ապահովական կացութիւնը:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ ապահովութեան բոլոր ուժերուն ու բանակին ներկայութեամբ եւ զոհողութիւններով Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը կը շարունակէ պահուիլ:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ ապահովական բոլոր կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ բանակին կողմէ հսկայական զոհողութիւններ ի գործ կը դրուին` պահպանել կարենալու համար երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Տըրիանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Տար Ֆաթուայի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին վարչապետ Հասսան Տիապ, որ յայտնեց, որ երկրին տագնապի լուծման բանալին նախագահական ընտրութիւնն է, որպէսզի պետական ու սահմանադրական հաստատութիւններուն անիւը վերստին թաւալի:

Միւֆթի Տըրիան ընդունեց նաեւ երեսփոխան Իմատ Հութը: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ տնտեսական, ելեւմտական ու ապրուստի վերաբերող հարցեր:

ՄԻՒՍ կողմէ, անհրաժեշտ է նշել, որ Տար Ֆաթուա երէկ յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 19 յուլիս 2023-ը կը զուգադիպի Իսլամական Նոր տարուան, եւ այս առիթով միւֆթի Տըրիան շնորհաւորեց լիբանանցիները` երկրին ու շրջանին մաղթելով խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ կայունութիւն:

ՆՇԵՆՔ, որ նախարարաց խորհուրդը իր կարգին հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ յայտարարեց, որ Իսլամական Նոր տարուան առիթով պետական հաստատութիւններն ու վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան չորեքշաբթի, 19 յուլիս 2023-ին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Մեծամասնութեամբ Թեր Քուէարկած Է Սուրիացի Տեղահանուածները Լիբանանի Մէջ Պահելու Որոշումին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.