Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, անդրադառնալով 2006-ի յուլիսեան պատերազմի 17-ամեակին, կատարեց թուիթըրեան գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց դիմադրելու Լիբանանի իրաւունքը` ազատագրելու համար բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու համար լիբանանեան գերիշխանութիւնը:
Ան զարմանք յայտնեց կառավարութեան այսօրուան վարուելակերպէն, որ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի սահմանները ճշդելու իմաստով իր պատրաստակամութեան:
«Սահմանագծումին մասին բանակցութիւնները կատարելը հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւնն է, հետեւաբար ցամաքային սահմանագծումի մասին բանակցութեան որեւէ խօսակցութիւն սահմանադրութեան խախտում կը նկատուի եւ բանակցողը հաշուեքննութեան ենթակայ կը դարձնէ», հաստատեց Պասիլ:
Ան աւելցուց, որ Ղաժարի մէջ լարուած երկու վրաններն ու շրջանին մէջ Էյմըս Հոքշթայնի առած քայլերը տարբեր հարցեր են:
Միւս կողմէ, Պասիլ նախանցեալ օր նախագահելէ ետք Հզօր Լիբանան համախմբումի ժողովին, կատարեց յայտարարութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ կառավարութիւնը այսօր կը յանդգնի լուրջ աշխատանք տանիլ Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչ մը նշանակելու, իսկ աւելի ուշ` բանակի հրամանատար նշանակելու առումով:
Պասիլ նշեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժերու պատճառով ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ սպանդներ կը գործէ երկրին սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին դէմ:
Պասիլ աւելցուց, որ իրենք վերսկսած են Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան` առանց նախապայմաններու: Ան նկատել տուաւ, որ երկխօսութիւնը դրական եւ լաւ թափով սկսած է` մաղթելով, որ այդ երկխօսութիւնը աւելի եւս աշխուժանայ` հասնելու համար այնպիսի արդիւնքներու, որոնք օգտակար կ՛ըլլան բոլոր լիբանանցիներուն եւ ոչ թէ այս կամ այն քաղաքական ուժին: