Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Սաատէ Շամի յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի նստաշրջանին երկարաձգումը նախատեսելի չէ: Շամի ընդգծեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կը մերժէ երկարաձգել Սալամէի նստաշրջանը, եւ աւելցուց, որ ինք տեղեակ չէ, եթէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Միքաթիէն նման բան պահանջա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու թղթածրարը: Պու Հապիպի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուել: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգելու հարցը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար յայտնեց, որ յունիս ամսուան սկիզբէն մինչեւ օրս Լիբանան մուտք գործած են 700 հազար զբօսաշրջիկներ: Ան նկատել տուաւ, որ նախանցեալ օր Պէյրութի միջազգային օդակայան էջք կատարած են 112 օդանաւեր` աւելցնելով, որ եթէ զբօսաշրջիկներու հոսքը այս թափով շարունակուի, ապա մինչեւ օգոստոսի աւարտ Լիբանան ժամանողներու թիւը պիտի հասնի 4 միլիոն 500 հազարի, որոնցմէ 2 միլիոնը զբօսաշրջիկներ են, իսկ մնացեալ 2.5 միլիոնը` արտերկրի լիբանանցիներ: Նասսար շեշտեց, որ կը նախատեսուի մինչեւ օգոստոսի աւարտ 9 միլիառ տոլար ապահովել եւ երկրին տնտեսութիւնը աշխուժացնել:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն ընկերակցեցան երեսփոխան Ժորժ Աթալլա եւ խորհրդական Անթուան Քոսթանթին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու նախագահական ընտրութեան վերաբերող հաղորդակցութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Շիի համայնքի գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, ազգային եւ իսլամական հարցեր: Նշենք, որ շէյխ Խաթիպ իր կարգին Շիի համայնքի գերագոյն խորհուրդի կեդրոնին մէջ ընդունեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուին, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր: Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն, որ Հըզպալլա Լիբանանին հանրապետութեան նախագահ պարտադրէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ առանց նախապայմանի երկխօսութեան վերսկսումը ճիշդ քայլ մըն է:

 

Նախորդը

Մոսկուան «Չափազանց Վտանգաւոր» Կը Նկատէ «Եօթներու Խմբակ»-ին Կողմէ Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Երաշխիքներ Տալու Որոշումը

Յաջորդը

Վրոնեցքա Հանդիպումներ Ունեցաւ Թոնի Ֆրենժիէի Եւ Սամի Ժեմայէլի Հետ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.