2006-ի յուլիսեան պատերազմի 17-ամեակին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ արձանագրուած տարակարծութիւններն ու տարբերութիւնները` բազմաթիւ կարեւոր հարցերու, թղթածրարներու եւ գործընթացներու շուրջ, կ՛ենթադրէ ազգային պատասխանատուութեամբ անոնց լուծումը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը:
«Բայց եւ այնպէս այս բոլորին զուգահեռ քաղաքական տարակարծութիւնը պէտք չէ շեղէ մեր ուշադրութիւնը թշնամի ըլլալու Իսրայէլի իրողութենէն` նկատի ունենալով ամէնօրեայ դրութեամբ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած օդային, ցամաքային եւ ծովային ոտնձգութիւնները, որ քանի մը օր առաջ դրսեւորուեցաւ թշնամական այլ բռնարարքով մը, որն էր Ղաժար գիւղաքաղաքի հիւսիսային բաժինը Իսրայէլին բռնակցելու, ինչպէս նաեւ Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները բռնագրաւուած պահելու անոր պահուածքը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Պըրրի հաղորդագրութեան ընդմէջէն կը հաստատէ, որ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանը կոտրելու նպատակով ճշդուած թուականէն 17 տարի ետք լիբանանցիները իրենց միասնականութեամբ եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն բազուկներով զայն վերածեցին յաղթանակի եւ անկիւնադարձային փուլի:
Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանն ու Դիմադրութիւնը 33 օրուան ընթացքին փաստեցին, որ Իսրայէլ անկարող է կոտրել լիբանանցիներուն կամքը` իրենց հողը, արժանապատուութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու առումով:
Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ ազգային պատկանելիութեան ու երկրին ինքնութեան, գերիշխանութեան ու անկախութեան պաշտպանութեան չափանիշը տեսակէտ մը չէ, այլ անիկա սկիզբ կ՛առնէ հարաւային Լիբանանէն` Իսրայէլին դիմադրելով եւ լիբանանեան հողերէն չզիջելով` Արքուպի բարձունքներէն մինչեւ Ռաս Նաքուրա:
Պըրրի հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերուն սանձազերծած պատերազմով ու յաղթանակով միատեղ ինք կ՛ողջունէ Դիմադրութեան մարտիկները եւ լիբանանեան բանակն ու երկրին սահմաններուն ապահովութեան հսկող զինուորները, որովհետեւ անոնք են լիբանանցիներու երազներուն պահապաններն ու երկրին ուժը երաշխաւորողները:
Պըրրի բոլոր նահատակներուն փառք ու պատիւ մաղթեց` աւելցնելով, որ նահատակներու ուղիին հետեւելով է, որ կը մնան ազգային ճամբուն վրայ` առանց կորսնցնելու զայն:


