Յուլիսեան պատերազմի 17-ամեակին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ գիշեր արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Մեծն Միջին Արեւելքի ծրագիրը 2006-ին ձախողած է Լիբանանի մէջ` Լիբանանի դէմ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին, ապա այդ ձախողութեան շարունակութիւնը վկայած են Պաղեստինեան հողերուն, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ:
«Միացեալ Նահանգներուն արգիլուեցաւ իրենց քաղաքական նպատակները գործադրել` Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին մէջ, եւ անոնք չյաջողեցան Դիմադրութիւնը ճզմել ու զայն ենթակայ դարձնել ամերիկեան ու իսրայէլեան նախապայմաններուն», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց լիբանանցիները 2006-ի յաղթանակին, ինչպէս նաեւ Ատհայի ու Ղատիրի տօներուն առիթով:
Ան դիտել տուաւ, որ Շուէտի մէջ Քորան հրկիզող անհատը իսրայէլեան Մոսատի հետեւորդներէն է, «հետեւաբար մեզի համար յստակ է, որ կայ սիոնական սատանայական ուղեղ մը, որ կը ծրագրէ քրիստոնեայ-իսլամական լարուածութեան հրահրումը: Պէտք է շատ զգուշ ըլլալ եւ քրիստոնեայ ու իսլամ միասնաբար գործակցիլ, որպէսզի սրբապղծում չկատարուի, եւ սադրանքներ չնախապատրաստուին», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ 2006-ին իսրայէլացիները խոստովանած են, որ իրենք տարբեր մարզերու մէջ ձախողութիւն արձանագրած են: «Յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակը հիմնեց ուժի հակակշռումի տարազ մը, որ ցարդ առկայ է: Թշնամի Իսրայէլին ուժը հակակշռելու մեր կարողութեան շնորհիւ է, որ Ատհայի տօնին առիթով հարաւային Լիբանանի բոլոր գիւղաքաղաքները լեցուն էին. ժողովուրդը հոն ապահով կը զգայ», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը զարգացած է եւ յառաջդիմութիւն արձանագրած, ինչպէս նաեւ Լիբանանը պաշտպանելու նոր կշիռ մը հաստատած` Դիմադրութեան ուժով եւ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազով:
Անդրադառնալով հարաւային ճակատին` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանային միջադէպը, որ արձանագրուած էր նախանցեալ օր, տակաւին հետաքննութեան ենթակայ է: Ան շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը տարի մը առաջ սկսած են Ղաժարի հիւսիսային բաժինին փշաթելերը անջատել եւ իրենց բռնակցել այդ գիւղաքաղաքը, որ լիբանանեան է` միջազգային ճանաչումով:
«Վերջին ժամանակաշրջանին պատահածը այն էր, որ Իսրայէլ Ղաժարի շուրջ քարաշէն պատնէշի կառուցումը աւարտեց եւ զայն վերածեց զբօսաշրջական շրջանի մը` ՄԱԿ-ի լռութեան ներքեւ», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ոմանք կ՛ըսեն, թէ Իսրայէլ Ղաժարը բռնակցած է մեր լարած վրաններուն պատճառով: «Հաստատեմ, որ այս տեղեկութիւնը անճիշդ է, այն առումով, որ մենք վրանները լարած ենք լիբանանեան հողերուն վրայ: Այսինքն, երբ մենք Մազարեհ Շեպաա մուտք կը գործենք, ապա լիբանանեան հողերու վրայ կ՛ըլլանք, հետեւաբար մեր վրանները լիբանանեան հողին վրայ են: Մենք այդ շրջանին մէջ մեր փափաքածը կատարելու իրաւունքն ու ազատութիւնը ունինք: Եթէ առաջուան օրերը ըլլային, Իսրայէլ կը ռմբակոծէր վրանները եւ կը քալէր, սակայն այսօր ատիկա անկարելի է, որովհետեւ կացութիւնը փոխուած է, եւ իսրայէլացին նման անխոհեմ քայլերու չի կրնար դիմել: Վրաններուն դէմ թշնամական քայլերու դիմելու պարագային, Դիմադրութեան մարտիկները հրահանգներ ունին իսրայէլեան ուժերուն հակադարձելու», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան դիտել տուաւ, որ այսօրուան պատահածը ցամաքային սահմանագծում չէ, այլ` իսրայէլեան կողմին ներկայացուած պահանջ, որ նահանջէ լիբանանեան հողերէն, իսկ Ղաժար գիւղաքաղաքին պարագային, անիկա լիբանանեան գիւղաքաղաք մըն է, որ դարձեալ բռնագրաւուած է թշնամիին կողմէ, եւ այս մասին կարելի չէ լուռ մնալ:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Ղաժարի վերաբերեալ լիբանանեան կեցուածքը պէտք է վճռական ըլլայ` աւելցնելով, որ անիկա լիբանանեան հող է ու անոր ազատագրումը լիբանանեան պետութեան, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան պատասխանատուութիւնն է:
«Ղաժարը, Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները իսրայէլացիին պիտի չձգուին», շեշտեց ան:
Ներքին լիբանանեան իրավիճակին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ շիի երկեակին դէմ կան ամբաստանութիւններ, թէ այդ երկեակին բաղկացուցիչ ուժերը կառչած կը մնան իրենց նախագահական թեկնածուին եւ կարգ մը հարցեր կ՛ուզեն սակարկութեան ենթարկել:
«Այս ամբաստանութիւնը անարդար է ու անհիմն, որովհետեւ թէ՛ Հըզպալլա եւ թէ՛ Ամալ շարժումը, յանձին` Նեպիհ Պըրրիի, հերքեցին նման նպատակներու գոյութիւնը: Սակայն ամբաստանութիւնը տակաւին կը շարունակուի` շեղելու համար լիբանանեան հանրային կարծիքը, եւ նպատակ ունենալով ելեկտրականացնել ներքին լիբանանեան անդորրը: Արդեօք ի շահ որո՞ւ է ներքին լիբանանեան անդորրի խախտումը: Ո՞վ վարչակարգի փոփոխութեան եւ դաշնակցային դրութեան մասին կը խօսի», հարց տուաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ շիի երկեակը իր կեցուածքը բռնի ուժով չի փափաքիր պարտադրել, Դիմադրութեան զէնքը Լիբանանը եւ լիբանանցիները պաշտպանելու նպատակով է, «իսկ լիբանանցիներուն դէմ Դիմադրութեան յարձակումը Իսրայէլի մատուցուած «մեծագոյն ծառայութիւն»-ն է», աւելցուց ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին անձը հիմնական է իրենց համար, որովհետեւ իրենք զայն երաշխիք կը նկատեն: «Յուլիսեան պատերազմին մասին խօսելով` կրնանք հաստատել, որ երկրին մէջ կար խոր երկփեղկում, սակայն սեղանին գլխուն կը գտնուէր նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ, որ կը կռուէր կարգ մը նախարարներու դէմ, որոնք կ՛ուզէին Իսրայէլին անձնատուր ըլլալ: Հետեւաբար նախագահ Լահուտի անձը երաշխիք էր օրին», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ իրենց համար Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ վստահութիւն կը ներշնչէ եւ Դիմադրութիւնը կռնակէն չի հարուածեր:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ լուծման կարելի չէ յանգիլ` աւելցնելով, որ դաշնակցային պետութիւնն ու բաժանումը լուծումներ չեն: «Լիբանանի գոյատեւման նախապայմանը պետութիւնն է եւ պետական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը: Մենք պատրաստ ենք առանց նախապայմանի երկխօսութեան, իսկ Դիմադրութեան զէնքը պիտի չօգտագործենք ներքին լիբանանեան իմաստով քաղաքական ընտրանք պարտադրելու: Մենք զէն ի ձեռին Դիմադրութիւնը կը պաշտպանենք, եւ ոչ թէ հանրապետութեան նախագահ կ՛ուզենք պարտադրել: Մեր ընտրանքն է գործակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը, որովհետեւ միայն այդ ձեւով կարելի է Լիբանանը ոտքի պահել», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա: