Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտել. «Սահմանային Կապոյտ Գիծին Մօտ Արձանագրուած Խախտումներուն Մասին Տեղեկագիրները Մտահոգիչ Են»

July 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 12 յուլիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ի շուրջ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ արձանագրուած խախտումներուն լոյսին տակ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղեկատուական գրասենեակի փոխտնօրէն Քենտիս Արտել յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը այդ մասին մտահոգիչ տեղեկագիրներ ունի եւ կը շարունակէ հետապնդել մանրամասնութիւնները:

Արտել հաստատեց, որ տիրող կացութիւնը գերզգայուն է` կոչ ուղղելով բոլորին կասեցնելու իւրաքանչիւր քայլ, որ կրնայ ապահովական զարգացումի առաջնորդել:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պատկանող ուղղաթիռ մը թռիչքներ գործեց Կապոյտ գիծին վերեւ եւ հետախուզական աշխատանքներ իրականացուց այդ շրջանին մէջ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուղղաթիռները թռիչքներ կատարեցին Հարաւային Լիբանանի արեւելեան հատուածին մէջ` սկսելով Ատայսէի բարձունքներէն, հասնելով մինչեւ Արապ Ղաժար եւ Ուազզանի, ինչպէս նաեւ Սատտանէի բարձունքներ, Նաքքար եւ Շեպաա գիւղաքաղաք:

Այս շրջագիծին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը մտահոգութիւն յայտնեց Կապոյտ գիծին մօտ արձանագրուած խախտումներուն ուղղութեամբ` շեշտելով, որ անիկա կրնայ վնասել Լիբանանի եւ Իսրայէլի ապահովական կայունութեան:

Ամերիկացի բանբերը կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն վերջ տալու ընդվզեցուցիչ քայլերուն, որոնք վտանգի կ՛ենթարկեն շրջանին ապահովութիւնն ու բնակչութեան անվտանգութիւնը:

Ամերիկացի բանբերը կոչ ուղղեց Լիբանանին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ընդմէջէն լուծելու սահմանային խախտումները` աւելցնելով, որ նման ոտնձգութիւններ կը փաստեն լիբանանեան պետութեան կարիքը` երաշխաւորելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ազատ շրջագայութիւնը եւ Կապոյտ գիծի հիմնական շրջաններ հասնելու անոնց անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ժահժահ. «Պատրաստ Ենք Կողմնակի Խորհրդակցութիւններու` Նախագահական Ընտրութեան Նոր Թեկնածուի Մը Անուն Ճշդելու Նպատակով»

Յաջորդը

«Ղաժարը, Մազարեհ Շեպաան Եւ Քֆարշուպայի Բարձունքները Իսրայէլացիին Պիտի Չձգուին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.