Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացնելիք իր տարեկան տեղեկագիրը եւ հաստատեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի օժանդակութեան, որպէսզի ան կարենայ իր տագնապները շրջանցել:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ, որ նախընտրեց Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած իր հարցերուն մասին բացայայտում չկատարել:
Յետմիջօրէին Ռայի պատրիարքը Էհտենի մէջ հիմնարկէքը կատարեց Մար Շարպել եկեղեցւոյ:


