Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծը

September 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը:

Նիստէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծը:

«Այս քայլը նուաճում է` նկատի ունենալով, որ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը 2002-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ կատարուած է սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին: Այս քայլը իսկական նուաճում է եւ հերոսական իրագործում` շնորհիւ ելեւմուտքի նախարարութեան պաշտօնէութեան ջանքերուն», ըսաւ ան:

Միքաթի յայտնեց, որ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծը միաձայնութեամբ վաւերացուած է` աւելցնելով, որ անիկա շաբաթավերջին պիտի փոխանցուի խորհրդարան:

Միքաթի հաստատեց, որ կան բարեկարգումներու շարք մը օրինագիծեր, որոնք պէտք է վաւերացուին` աւելցնելով, որ «այսօրուան նիստը լաւ նախաքայլ մըն էր, սակայն անբաւարար, որովհետեւ խորհրդարանը պէտք է օրէնսդրական նիստեր գումարէ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը ապաքինելու ուղիին վրայ զետեղել»:

«Այս դժուար կացութեան մէջ մենք ունինք հիմնական երկու լուրջ հարց, որոնցմէ առաջինը տնտեսական տագնապն է, իսկ երկրորդը` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որուն մասին երէկ ունեցանք խորհրդակցական հանդիպում մը, եւ բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ անիկա Լիբանանի համար գոյութենական հարց է», շեշտեց ան` ընդգծելով, որ տեղահանուած սուրիացիներու թղթածրարին լուծումը կարելի պիտի ըլլայ լիբանանեան միասնականութեամբ:

Միքաթի վերահաստատեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Պու Հապիպ Զօր. Լազարոյի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Լը Տըրիան Վերադարձաւ Լիբանան` Ամբողջացնելու Համար Իր Առաքելութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.